2017-05-02 09:11:00

Մեր վստահութիւնը Մարիամին պէտք է ըլլայ մեծ՝ քանի որ Ան մեր Մայրն է


Երբ հաւատացեալները Մարիամը կը կոչեն իրենց մայրը, անոնք չեն օգտագործեր դատարկ խօսքեր եւ չեն յոգնիր զինք  կոչելէ իրենց մայրը:

 Մարիամ մեր մայրն է ՝ ոչ ըստ մարմնի, սակայն ըստ հոգւոյն. ան մեր հոգիներուն փրկութեան մայրն է:

 Երբ  Յիսուս  մեզ հաշտեցուց Հայր Աստուծոյ հետ՝ եղաւ հայր մեր հոգիներուն: եթէ Յիսուս մեր հայրն է, ուրեմն Մարիամ մեր հոգիներուն մայրն է : Մարիամ՝ մեր սիրելի մայրը միշտ եւ իր կեանքի բոլոր պայմաններուն մէջ կապուած էր Աստուծոյ կամքին:

Մարիամ  Յիսուսը զոհաբերեց մեզի եւ այս զոհաբերութիւնը մեզի պարգեւեց  յաւիտենական կեանք : Շատ քաղցր է Մարիամի պաշտպանութեան տակ գտնուիլ: Ո՞վ կը համարձակի մեզ հեռացնել անոր սէրէն: Ոչ մէկ բան կ՝ազդէ Մարիամին հանդէպ մեր յարգանքին եւ հաւատքին վրայ:

Միշտ փոքրերու շրթունքներուն վրայ կ՝ըլլայ իրենց մօր անունը. երբ զգան վտանգ մը կը պոռան՝ «Մայր ,Մայր......»: Ուրեմն երբ մենք ալ զգանք որ մեր հոգիները յոգնած են եւ վտանգի մէջ՝ պարզապէս կը դիմենք մեր մօր՝ Մարիամին, աղօթելով եւ խնդրելով որ մեզ պահպանէ եւ մեր հոգիները զօրացնէ քանի կը վստահինք Մօր եւ կը հաւատանք անոր զօրութեան:

Մարիամ միայն մայր չէ արդարներուն եւ անմեղներուն, Ան մայր է նաեւ զղջացող մեղաւորներուն: Ով որ կ՝ուզէ ըլլալ զաւակ Մարիամի պէտք է հեռանայ մեղքերէն: Անոնք որոնք կ'ուզեն ապրիլ մահացու մեղքին մէջ, ուրեմն անոնք չեն կոչուիր զաւակ Սրբուհի Մարիամի: Որովհետեւ Մարիամ համեստ է,    անոնք հպարտ, Մարիամ մաքուր է, անոնք լեցուած են մեղքերով, Մարիամ սէրով լեցուն է, անոնք կ՝ապրին իրենց նմանները՝ քոյրերը եւ եղբայրները ատելով:

 Ինչպէ՞ս կը համարձակին իրենք զիրենք կոչել Մարիամի զաւակներ երբ կը շարունակեն քալել մեղքի ճամբէն եւ  երես կը դարձնեն Մարիամի սիրոյն  : Սրբուհի Մարիամ մեզմէ կ՝ակնկալէ միայն որ մեղաւորները անկեղծութեամբ խնդրեն իր օգնութիւնը եւ հրաժարին իրենց մեղքերէն:

Պէտք է ապաւինինք Մարիամին որովհետեւ այս կարեկցող մայրը իր ձեռքը կ'երկարէ մեզի՝ մեզ ազատելու համար մեղքի կապանքներէն եւ փրկելու մեր հոգիները:

 Ո՝վ իմ քաղցր Տիրուհիս եւ Մայրս, ես շատ կը սիրեմ քեզ: Դուն դարձիր պաշտպան փաստաբանը քու ծառաներուդ եւ Քրիստոսի դատաւորի ատեանին առջեւ պաշտպանէ անոնց դատը:

   

    

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 








All the contents on this site are copyrighted ©.