2017-05-02 10:20:00

Թուրքիոյ մէջ կ՛արգիլուի «Ուիքիփետիա»-ն


Ապրիլ 29-ին, Թուրքիոյ մէջ արգիլուած է հանրածանօթ «Ուիքիփետիա» համացանցային հանրագիտարանը: Այս մասին, ըստ «Գանձասար»-ի, յայտնած են Թուրքիոյ տեղեկատուական ու հաղորդակցային ճարտարագիտութիւններու հարցերով պատասխանատու մարմինները։

«Հիւրրիէթ Տէյլի Նիւզ»-ի հաղորդումով, իշխանութիւնները յայտնած են, որ կայքը արգիլուած է երկրին տարածքին:

Արգելքը կատարուած է՝ հիմնուելով թիւ 5651 օրէնքին վրայ, որ կը վերաբերի համացանցի կարգաւորման եւ տուեալ մարզին մէջ կատարուած յանցագործութիւններու դէմ պայքարին:

Թրքական աղբիւր մը «Կազեթա.ռու» կայքին յայտնած է, որ Թուրքիոյ փոխադրամիջոցներու, նաւարկութեան եւ կապի նախարարութիւնը «Ուիքիփետիա» կայքի ղեկավարութիւնը տեղեակ պահած է համացանցային հանրագիտարանը արգիլելու մտադրութեան մասին` այդ որոշումը պատճառաբանելով Թուրքիոյ վարկին վրայ բացասական ազդեցութիւն ձգող հրապարակումներով:

Թուրքիոյ իշխանութիւններուն կարծիքով` «ահաբեկչութեան դէմ պայքարին մէջ ներդրումներ կատարելու փոխարէն «Ուիքիփետիա»-ն դարձած է միջազգային ասպարէզի վրայ Թուրքիոյ կերպարը սեւցնելու արշաւին մէկ մասը», որովհետեւ անոր նիւթերուն մէջ տուեալներ յայտնուած էին «ահաբեկչական կազմակերպութիւններու հետ Անգարայի ենթադրեալ կապին» վերաբերեալ:

Նախարարութենէն ընդգծած են, որ տուեալ բովանդակութեան ջնջման պարագային կայքի հասանելիութիւնը կրնայ վերականգնիլ: Թուրքիոյ տեղեկատուական եւ հաղորդակցութեան ճարտարագիտութիւններու իշխանութիւնը յայտնած է, որ որդեգրուած է «վարչական միջոցառում» մը: Կը նախատեսուի, որ յառաջիկայ օրերուն արձակուի նախնական հրամանը ամրագրող դատական պաշտօնական վճիռ մը:

«BBC կը հաղորդէ, որ «Ուիքիփետիա»-ի հիմնադիր Ճիմի Ուէյլզ հակադարձելով արգիլումի որոշումին «Թուիթըր»-ի վրայ գրած է. «Տեղեկութեան հասանելիութիւն ունենալը մարդկային հիմնարար իրաւունք մըն է: Ո՛վ թուրք ժողովուրդ, այս իրաւունքին համար պայքարին մէջ պիտի ըլլանք միշտ քու կողքիդ»:

Նշենք, որ Թուրքիա անցեալին ժամանակաւորապէս արգիլած էր նաեւ ընկերային ցանցեր, ինչպէս` Դիմատետրը եւ «Թուիթըր»-ը:








All the contents on this site are copyrighted ©.