2017-05-02 10:29:00

Ամենայն հայոց կաթողիկոսն ու ՀԲԸՄի նախագահը քննարկեցին սուրիահայերու խնդիրները


Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը Ապրիլ 30ին, Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինի մէջ հանդիպում ունեցաւ ՀԲԸՄի նախագահ Պերճ Սեդրակեանի հետ:

Հանդիպման ընթացքին վեհափառը եւ ՀԲԸՄի նախագահը անդրադարձան Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինի եւ ՀԲԸՄի արդիւնաւէտ համագործակցութեան եւ, քննարկելով համատեղ իրականացուող կրթական եւ հասարակական ծրագիրներու ընթացքը, նախանշեցին ապագայ ընելիքները:

ՀԲԸՄի նախագահը կաթողիկոսին ներկայացուց միութեան կողմէ Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի տարբեր համայնքներու մէջ կատարուող աշխատանքները:

Զրոյցին ընթացքին մտահոգութիւն  յայտնուեցաւ Միջին Արեւելքի երկիրներուն մէջ տիրող իրավիճակի հետեւանքով հայկական համայնքներու արտագաղթին մասին, յատկապէս խօսուեցաւ Սուրիոյ հայ համայնքին եւ Հայաստան հաստատուած սուրիահայ ընտանիքներուն Մայր Աթոռի եւ ՀԲԸՄի կողմէ ցուցաբերուող օժանդակութեան եւ այս ուղղութեամբ ծրագրուող յետագայ քայլերու մասին: Այս կապակցութեամբ ընդգծուեցաւ, որ սուրիահայութեան ցոյց տրուող զօրակցութիւնը շարունակական պիտի ըլլայ, նաեւ կարեւոր նկատուեցաւ պետական, հասարակական եւ ազգային բարեսիրական բոլոր կառոյցներուն ուժերու մէկտեղումն ու համակարգուած աշխատանքը:








All the contents on this site are copyrighted ©.