2017-04-29 11:09:00

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի եւ Թաուատրոս Բ. Պապի միասնական յայտարարութիւնը։


(Ռատիօ Վատիկան) Ուրբաթ, 28 Ապրիլ 2017ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը եւ Աղեքսանդրիոյ Սուրբ Մարկոսի Աթոռի Պապ Թաուատրոս Բ., ստորագրեցին տաս կէտերու մէջ կայացած յայտարարութիւն մը, ուր կը յիշուին նախնական անբաժան Եկեղեցւոյ հասարակաց տարրեր, ինչպէս՝ Տիեզերական առաջին ժողովները, եւ երկու եկեղեցիներուն մէջ ընդունուած մեծ սուրբեր, ինչպէս՝ Սուրբ Անտոն Անապատական եւ Սուրբ Աթանաս Աղեքսանդրացի՝ «Պաշտպան Հաւատքի»։

''Այսօր ճիգ կը թափուի վերականգնել այդ նախնական միութիւնը։ Դարերու ընթացքին, հակառակ բաժանումի, Եկեղեցիներուն մէջ միշտ եղած են միացնող տարրեր'' գրուած է յայտարարութեան մէջ ուր կը յիշուի նաեւ Երանելի Պօղոս Զ. Քահանայապետի եւ Ուղղափառ Ղպտիներու Շենուտա Գ. Պապի պատմական հանդիպումը ու 10 Մայիս 1973ին կատարուած միասնական յայտարարութիւնը, որ մղոնաքար մը եղած է համամիութենականութեան ճանապարհին վրայ։

Այդ յայտարարութիւնը կը յիշէր առաքեալներէն եկած աւանդութիւնը եւ միասնական հաւատալիքները, ինչպէս՝ Սուրբ Երրորդութեան, Աստուածորդիի մարդեղութեան հաւաքը եւ Աստուածածնի մեծարանքը։

Ապա հերթաբար կը յիշուին այլ հանդիպումներ, երկու Եկեղեցիներու պետերուն միջեւ, ուր միշտ երեւան բերուած են Եկեղեցիները միացնող կէտերը։ Ապա յայտարարութեան մէջ շեշտ կը դրուի միասնական աղօթքի եւ վկայութեան վրայ։ Կարեւոր կը նկատուի, որ ներկայի մարտահրաւէրներուն դիմաց Եկեղեցիները որդեգրեն միասնական պատասխաններ, որոնք հիմնուած են Աւետարանի արժէքներուն եւ Եկեղեցիներու աւանդութեան գանձերուն վրայ։ Միասնական վկայութիւնը եւ փոխադարձ հոգեւոր հարստացումը պիտի ծառայէ իբր նշան հաշտութեան եւ յոյսի՝ Եգիպտոսի ընկերութեան համար։

Հոն նաեւ ճիգ պիտի թափուի, որ քրիստոնեաներ եւ մահմետականներ որդեգրեն խաղաղ համակեցութիւն։

Կոչ կʼուղղուի ուժեղացնել աղօթքները Եգիպտոսի Քրիստոնեաներուն եւ Միջին Արեւելքի համար, ուր մեր հաւատակից եղբայրներուն արիւնը կը թափուի։ Ինչպէս հին Եկեղեցւոյ մէջ մարտիրոսներու արիւնը նոր քրիստոնեաներու սերմն էր, այնպէս ալ մեր օրերուն, բազմաթիւ մարտիրոսներու արիւնը ըլլայ Քրիստոսի աշակերտներու միութեան սերմը, նշան եւ գործիք հաղորդութեան եւ խաղաղութեան՝ ամբողջ աշխարհի համար։

Այս յայտարարութեամբ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետ եւ Թաուատրոս Բ. Պապ կը հաստատեն, թէ փոխադարձաբար պիտի ընդունին յիշեալ երկու Եկեղեցիներուն մէջ մատակարարուած մկրտութեան խորհուրդը, որ կը մնայ անկրկնելի։








All the contents on this site are copyrighted ©.