2017-04-29 15:45:00

Ֆրանչիսկոս Պապ Եգիպտոսի կաթողիկէ կղերական դասին. ''Մի վախնար հօտ փոքրիկ...''։


(Ռատիօ Վատիկան) Շաբաթ, 28 Ապրիլին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Եգիպտոս կատարած առաքելական ճամբորդութեան ծիրէն ներս, Գահիրէի Պատրիարքական ''ՄԱԱՏԻ'' Կաթողիկէ  աւագ նորընծայարանին մէջ հանդիպում ունեցաւ Եգիպտոսի կաթողիկէ հոգեւորականներու եւ կրօնաւորական կեանքի նուիրեալներու ու նորընծաներուն հետ։

Հանդիպման վայր ժամանելուն` Սրբազան Քահանայապետը դիմաւորուեցաւ Կաթողիկէ Ղպտիներու Պատրիարքի ու նորընծայարանի տեսչական կազմի կողմէ, ապա` 1500 քահանաներու, մայրապետներու, կրօնաւորներու ու նորընծաներու ներկայութեամբ նախագահեց ժամասացութեան արարողութեան որուն ընթացքին պատգամ մը փոխանցեց  ներկաներուն որուն մէջ ժառանգաւորներու վարժարանը նկատեց իբր վայր մը, որ Եգիպտոսի Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ սիրտն է։

Հոգեւորականները եւ կրօնաւորական կեանքի նուիրեալները «այն թթխմորն են, որ Աստուած կը պատրաստէ այս օրհնեալ երկրին մէջ, որպէսզի մեր ուղղափառ եղբայրներուն հետ համագործակցութեամբ հոն աճի Աստուծոյ Արքայութիւնը» (հմմտ. Մտթ ԺԳ. 13) ըսաւ Սրբազան Հայրը ապա շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն, անոնց տուած վկայութեան համար, որ առօրեայ իրականութիւն մըն է։

Քաջալերեց, որ չվախնան առօրեայ բեռներուն եւ դժուարին պայմաններուն մէջ, յիշելով Յիսուսի խօսքերը՝ «Մի վախնար հօտ փոքրիկ, որովհետեւ ձեր Հայրը հաճեցաւ տալ ձեզի Արքայութիւնը» (Ղուկ ԺԲ. 32)։

Ֆրանչիսկոս Պապ յորդորեց, որ վստահելով Յիսուսի խօսքին պէտք է հաւատալ, վկայել ճշմարտութեան, սերմանել եւ մշակել՝ առանց հունձք ակնկալելու։ «Իրականին մէջ, մենք կը հաւաքենք այն պտուղները, որ ուրիշներ սերմանած են Տիրոջ այգիին մէջ» ըսաւ ան։ Սրբազան Քահանայապետը կոչ ուղղեց, որ աշխարհ յուզող բազմաթիւ արհաւիրքներու եւ բացասական իրողութիւններու մէջ, հոգեւորականներ եւ կրօնաւորներ ըլլան դրական ոյժ, լոյս եւ աղ՝ ընկերութեան համար. ըլլան այն վայրաշարժը, որ կը քաշէ շոգեկառքը դէպի յառաջ, դէպի նպատակ. ըլլան յոյս սերմանողներ, կամուրջներ կերտողներ եւ երկխօսութեան ու համերաշխութեան գործաւորներ։

Այս բոլորը կարելի պիտի ըլլայ, եթէ կրօնաւորն  կրօնաւորուհին չեն զիջիր այն փորձութիւններուն, որոնք իւրաքանչիւր օր կը ցցուին անոնց ճանապարհին վրայ։ Սրբազան Հայրը մանրամասնելով, թուեց զանազան փորձութիւններ, որոնց կրնան ենթարկուիլ հոգեւոր կեանքի նուիրեալներ։ Այսպիսի փորձութիւններ են՝ աւելի տարուիլ հոսանքէն՝ քան առաջնորդել, տեւական գանգատ, բամբասանք եւ նախանձ, ինքզինք բաղդատել ուրիշներուն հետ, սիրտը կարծրացնել եւ փակել ուրիշներուն հանդէպ, անհատապաշտութիւն, քալել՝ առանց կողմնացոյցի եւ առանց նպատակի։

Ֆրանչիսկոս Պապ նշեց, թէ այս փորձութիւններուն դիմադրելը դիւրին չէ, սակայն Յիսուսի օգնութեամբ կարելի է, ինչպէս Յիսուս ինքնին ըսած է առաքեալներուն վերջին ընթրիքի ժամանակ՝ «Մնացէք իմ մէջս, եւ ես ձեր մէջ։ Ինչպէս որ ուռը չի կրնար պտղաբերել՝ եթէ որթին վրայ չէ հաստատուած, նոյնպէս ալ դուք չէք կրնար, եթէ չմնաք իմ մէջս հաստատուած» (Յովհ ԺԵ. 4)։

Սրբազան Քահանայապետը յիշեց նաեւ Եգիպտոսի անապատներուն մէջ ծաղկած կրօնաւորական, ճգնաւորական ու անապատական շարժումները։ Ան յիշեց, թէ Եգիպտոսը իր նպաստը բերած է Եկեղեցւոյ հարստացումին՝ վանականութեան անգնահատելի գանձով։ Յորդորեց ներկաները՝ հրապուրուիլ Սուրբ Պօղոս Ճգնաւորի, Սուրբ Անտոն Անապատականի, Անապատական Սուրբ Հայրերու օրինակով, որոնք երկնքի դռները բացած են շատ մը եղբայրներու եւ քոյրերու համար։ Այդ օրինակով կրօնաւորական կեանքի նուիրեալները կրնան ըլլալ լոյս եւ աղ, եւ հետեւաբար՝ փրկութիւն իրենց անձերուն եւ ուրիշներուն, ըլլան անոնք հաւատացեալ կամ ոչ. ըլլան փրկութիւն յատկապէս կարիքաւորներու, մերժուածներու եւ լքուածներու։

Խօսքի աւարտին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ներկաները եւ երկրին բոլոր բնակիչները յանձնեց Սուրբ Ընտանիքի պաշտպանութեան։ Մաղթեց որ Աստուած անոնց պարգեւէ Իր Սուրբ Հոգին՝ «Սէր, խաղաղութիւն, ուրախութիւն, վեհանձնութիւն, բարեացակամութիւն, բարութիւն, հաւատարմութիւն, հեզութիւն եւ ժուժկալութիւն» (Գաղատ Ե. 22)։ 

Ձեզ կը կրեմ սրտիս ու աղօթքներուս մէջ ու կը խնդրեմ որ չմոռնաք աղօթել ինծի համար ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը եզրափակելով խօսքը ապա բոլորին շնորհեց իր առաքելական օրհնութիւնը։ 

 








All the contents on this site are copyrighted ©.