2017-04-29 17:00:00

Ֆրանչիսկոս Պապ աւարտեց Եգիպտոս կատարած խաղաղութեան պատգամաւորի իր առաքելութիւնը։


(Ռատիօ Վատիկան) ''Խաղաղութեան Քահանայապետը Խաղաղութեան Եգիպտոսի մէջ'' այս էր բնաբանը որ Ֆրանչիսկոս Պապը առաջնորդեց Գահիրէ, երկօրեայ առաքելական ճամբորդութեամբ, որ սկիզբ առած էր ուրբաթ 28 Ապրլիլի առաւօտեան ու վերջ գտաւ Շաբաթ յետմիջօրէի 16,45-ին, Գահիրէի օդակայանին մէջ Եգիպտոսի նախագահ Ալ Սիսիի ներկայութեամբ կայացած հրաժեշտի պաշտօնական արարողութեամբ, որուն աւարտին Նորին Սրբութիւնը բարձրացաւ օդանաւ ու վերադարձ կատարեց դէպի Հռոմ ապա Վատիկան ուր ժամանումը նախատեսուած է երեկոյեան 8,30-ին, որով վերջ կը գտնէ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին Միջազգային Առաքելական 18-րդ ճամբորդութիւնը ու Իտալիայէն դուրս ժամանակակից շրջանի Քահանայապետի մը 155-րդ առաքելութիւնը։

Եգիպտոս կեցութեան ընթացքին  Սրբազան Քահանայապետը պաշտօնական հանդիպումներ ունեցաւ Երկրին նախագահին, Ալ Ազհար համալսարանի Աւագ Իմամին ու Ղպտի օրթոտոքս Պատրիարք Թաուատրոս Բ-ին հետ, ինչպէս նաեւ Եգիպտոսի Կաթողիկէ Կղերական դասին հետ։ Ան ապա իր մասնակցութիւնը բերաւ Ալ Ազհար համալսարանի կողմէ կազմակերպուած Խաղաղութեան Միջազգային Համագումարին այնտեղ արտասանելով ճառ մը որուն մէջ դատապարտեց կրօնի անունով գործադրուած ոճիրները ու հաստատելով թէ ''Միայն խաղաղութիւնը սուրբ է եւ Աստուծոյ անունով որեւէ բռնութիւն կարելի չէ կիրարկել` որովհետեւ այս մէկը Անոր անունը կը պղծէ'' եւ աւելցուց թէ ''Բռնութիւնը  որեւէ իսկական հոգեւորականութեան ժխտումն'' ու թէ ''կրօնքը ոչ միայն պիտի դիմակազերծէ չարը, այլ առաքելութիւնն ունի յառաջացնելու խաղաղութիւնը, այսօր՝ առաւել քան երբեք''։

Նորին Սրբութիւնը այս ուղղութեամբ խրախուսեց բոլոր կրօնապետերը սատարելու խաղաղութեան հաստատումին նոր սերունդին կիրակելով եղբայրութեան, բարեկամութեան, սիրոյ ու իրար յարգանքի մշակոյթի դաստիարակութիւն։

''Գիտութեան զարգացումը եւ դաստիարակութիւնը կարեւոր են նաեւ կերտելու համար ապագան` խաղաղութեան ընտրանքներ խաղաղութեան համար, որովհետեւ չկայ խաղաղութիւն՝ առանց երիտասարդ սերունդի համապատասխան դաստիարակութեան ու չկայ պատշաճ դաստիարակութիւն՝ եթէ երիտասարդներու կազմաւորումը չի համապատասխաներ մարդկային բնութեան` բաց ու յարաբերող – ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ ու շեշտեց, թէ այս անյետաձգելի եւ ծանր պարտականութեան պարտաւոր են ազգերու եւ տեղեկատուութեան հաստատութիւններու պատասխանատուները, ինչպէս նաեւ մենք՝ քաղաքակրթութեան պատասխանատուներս, իւրաքանչիւրը իր մարզէն ներս, կերտել խաղաղութիւնը, եւ դաշնութեան ամուր հիմեր դնել ժողովուրդներու եւ պետութիւններու միջեւ''։

Նորին Սրբութիւնը հանդիպում ունեցաւ նաեւ Եգիպտոսի Քաղաքական իշխանութիւններու ու դիւանագիտական մարմնի անդամներուն հետ ու անոնց ներկայացուցած խօսքին մէջ հաստատեց  թէ ''կարելի չէ կառուցել քաղաքակրթութիւնը առանց հրաժարելու չարին գաղափարախօսութենէն, բռնութիւնէն ու ծայրայեղական որեւէ կեցուածքէն որ կը շահարկէ ու կը վիրաւորէ Աստուծոյ Սուրբ Անունը''։

Ան ապա վճռակամ ընդգծեց թէ ''Պարտականութիւնն ունինք հաստատելու թէ պատմութիւնը չի ներեր անոնց որոնք արդարութիւն կը հռչակեն ու անարդարութիւն կը կիրարկեն։ Պարտականութիւնն ունինք դիմակազերծելու անոնք որոնք ատելութիւն կը քարոզեն ու յաւիտենականութիւնը կը վաճառեն պարզ մարդոց կեանքը առեւանգելով ու զայն դարձնելով  կրակի մէջ նետուելիք փայտ ու զանոնք զրկելով  ազատութիւն ընտրելու կարողութենէն

Պարտականութիւնն ունինք արմատախիլ ընելու մարդասպան գաղափարները ու ծայրայեղական գաղափարախօսութիւնները, վերահաստատելով իսկական հաւատքի ու բռնութեան միջեւ անհամատեղելիութիւնը։

Եգիպտոսը որ Յովսէփի ժամանակ սովէն ազատեց այլ ազգեր, այսօր եւս կանչուած է ազատելու տարածաշրջանը` սիրոյ ու եղբայրութեան սովէն։ Կանչուած է դատապարտելու ու յաղթելու բռնութիւնն ու ահաբեկչութիւնը։ Կանչուած է խաղաղութեան ցորեն նուիրելու բոլոր անոնց որոնք խաղաղ համակեցութեան ծարաւն ունին։

Խաղաղութեան Քահանայապետը այս իր 18-րդ առաքելական ճամբորդութեան ընթացքին հրաւէր ու կոչ ուղղեց Իսլամ աշխարհին յստակօրէն դատապարտելու ու հրաժարելու բռնութիւններէն ու քրիստոնեաներու հետ միասին աշխատելու ամէն մին իր ինքնութիւնը պահելով ու պահպանելով, ի սպաս խաղաղութեան, եղբայրութեան եւ արդարութեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.