2017-04-29 09:06:00

Ֆրանչիկոս Պապ Եգիպտոսի մէջ։ 300 երիտասրադներու հետ հանդիպում։


(Ռատիօ Վատիկան) Ֆրանչիսկոս Պապին Եգիպտոս կատարած առաքելական ճամբորդութեան երկրորդ օրուայ օրակարգը սկիզբ առաւ  առաւօտեան 8.50-ին երբ ան հրաժեշտ առնելով առաքելական նուիրապետութենէն ինքնաշարժով ուղղուեցաւ  դէպի պաշտպանութեան նախարարութեան պատկան ''Air defence Stadium'' մարզադաշտ ուր դաշտին շրջանը կատարելէ ու այնտեղ համախմբուած հաւատացեալները ողջունելէ ետք դաշտի տարածքին վրայ գլխաւորեց Սուրբ Պատարագի արարողութիւնը որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին Եգիպտոսի Կաթողիկէ Համայքներու հովուապետերն ու հաւատացեալները ինչպէս նաեւ քրիստոնեայ այլ համայնքներու եւ մահմետական կրօնի ներկայացուցիչներ։

Քրիստոնեաները Եգիպտոսի մէջ կը կազմեն բնակչութեան 10 առ հարիւրը, որոնց  մեծամասնութիւնը կը պատկանի Ղպտի Օրթոտոքս եկեղեցւոյ ապա կան 0,28 առ հարիւր քանակութեամբ կաթողիկէ հաւատացեալներ որոնք կը պատկանին ու մաս կը կազմեն Ղպտի կաթողիկէ պատրիարքութեան, հայ կաթողիկէ համայնքին, Լատիններու առաքելական նուիրապետութեան, Մելքիթ եկեղեցւոյ, Քաղդէացի Եկեղեցւոյ թեմին Մարոնիթեներու ու Ասորի եկեղեցւոյ։

Այս բոլոր եկեղեցիները համախմբուած են Եգիպտոսի Կաթողիկէ նուիրապետութեան անուան տակ որուն նախագահն է Աղեքսանդրիոյ Կաթողիկէ Ղպտիներու Պատրիարք գերերջանիկ Իպրահիմ Իսաաք Սիթրաքը որ վերոնշեալ Սուրբ Պատարագի  Զոհի ընթացքին յանուն բոլոր կաթողիկէ նուիրապետութեան ողջոյնի խօսք ուղղեց Ֆրանչիսկոս Պապին շնորհակալութիւն յայտնելով Անոր այս պատմական յատուկ այցելութեան որ քաջալերանքի ու զօրակցութեան ցուցաբերում է։

Յայտնենք թէ երէկ` ուրբաթ 28 ապրիլ 2017-ի երեկոյեան Թաուատրոս Բ Պապին հետ հանդիպումը աւարտելէ ետք Սրբազան Քահանայապետը քաշուեցաւ Եգիպտոսի Առաքելական Նուիրապետութիւն ու այնտեղ կատարած առանձնական ընթրիքէն ետք Սրբազան Քահանայապետը ողջոյնի խօսք ուղղեց Երկրին հարաւէն ու հիւսիսէն ժամանած աւելի քան 300 երիտասարդներուն որոնք համախմբուած էին Առաքելական Նուիրապետութեան հրապարակին վրայ։

Այս առթիւ անոնց ուղղած խօսքին մէջ Նորին Սրբութիւնը ուրախութիւն յայտնեց անոնց հանդիպելուն մատնանշելով թէ անոնք եկած էին ուխտագնացութիւն կատարելու որովհետեւ արի ու քաջ են։

Վաղը` ըսաւ ապա Քահանայապետը, մարզադաշտին մէջ ամէնքս միասին պիտի աղօթենք, պիտի երգենք ու տօնախմբութիւն պիտի կատարենք, բայց ես այժմ կ՛ուզեմ ձեր հետ աղօթել։ Միասին աղօթենք Հայր մեր աղօթքը յարեց Սրբազան Պապը ու երիտասարդները միաձայն արաբերէն լեզուով աղօթեցին Տէրունական աղօթքը, որմէ ետք Նորին Սրբութիւնը բոլոր ներկաներուն շնորհեց իր առաքելական օրհնութիւնը հրաւիրելով զանոնք այդ օրհնութեան պահուն մտաբերելու բոլոր այն անձերը որոնք իրենց սրտին մօտիկ են եւ նոյնիսկ անոնք որոնք չեն սիրեր։

''Ես ձեզի կու տամ իմ օրհնութիւնս ու դուք զայն տուէք բոլոր այդ անձերուն, ըսաւ Սրբազան Պապը ապա հրաժեշտ առաւ բոլորէն ըսելով. Կեցցէ Եգիպտոսը''։








All the contents on this site are copyrighted ©.