2017-04-29 11:40:00

Հայաստանի, Ռուսիոյ եւ Ատրպէյճանի ԱԳ նախարարներու հանդիպումը կայացած է


Ուրբաթ, 28 ապրիլ 2017-ին, Մոսկուայի մէջ  ռուսական կողմի նախաձեռնութեամբ կայացած է Հայաստանի, Ռուսիոյ եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներ Էդուարդ Նալպանտեանի, Սերկէյ Լաւրովի եւ Էլմար Մամետեարովի աշխատանքային հանդիպումը:

Ինչպէս կը տեղեկացնեն Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան լրատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն, հանդիպումին շարունակուած են քննարկումները ղարաբաղեան կարգաւորման բանակցային գործընթացը առաջ մղելու շուրջ: Ընդգծուած է Վիեննայի եւ Ս․ Փեթերզպուրկի մէջ 2016-ի Ապրիլին եւ Յունիսին կայացած գագաթաժողովներուն ձեռք բերուած համաձայնութիւններու իրականացման անհրաժեշտութիւնը:

Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին քաղաքական գերատեսչութիւններու ղեկավարները երախտագիտութիւն յայտնած են Ռուսիոյ Դաշնութեան ԱԳ նախարարին` ղարաբաղեան հիմնահարցի խաղաղ հանգուցալուծման աջակցելուն ուղղուած շարունակական ջանքերու համար: Նախարարները պայմանաւորուած են շարունակել շփումները քննարկուած բոլոր հարցերու առնչութեամբ:

Ռուսիոյ, Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի նախարարներու եռակողմ հանդիպումէն ետք անոնց միացած են նաեւ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահները` Ռուսիոյ, Միացեալ Նահանգներու եւ Ֆրանսայի դեսպանները, ինչպէս նաեւ ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչը: Կայացած է մտքերու փոխանակում` ղարաբաղեան կարգաւորման գործընթացին վերաբերեալ:








All the contents on this site are copyrighted ©.