(Ռատիօ Վատիկան) Շաբաթ, 29 ապրիլ 2017-ին, Վերոնա Քաղաքի Սրբուհի Անասթասիա անուան մայր տաճարին մէջ, սուրբերու դատի ժողովի կառավարիչ՝ կարդինալ Անճելօ Ամաթօ նախագահելով Սուրբ Պատարագի արարողութեան, երանելի կը հռչակէ Քոյր Լեոփոլտինա Նաուտեթը, որ եղած է հիմնադրուհին ՝՝Սուրբ ընտանիքի քոյրեր՝՝ միաբանութեան։
Քոյր Նեոփոլտինա ծնած է Ֆիրենցէ քաղաք 31 մայիս 1773-ին, ֆրանսացի հայրէ եւ Գերմանացի մայրէ մը։ Ան դաստիարակութիւնը ստացած է թէ Ֆրանսայի եւ թէ Իտալիոյ մէջ՝ իր փոքրիկ քրոջը հետ միասին։
1798-ին, Ֆիրենցէ իր ծննդավայր վերադարձին, քոյր Լեոփոլտինա , Լեոփոլտօ իշխանին զաւակներուն որպէս դաստիարակիչ կը ծառայէ։ Ան իր մէջ կը հասունցնէ կրօնաւորուհի կոչումը եւ զայն իրականացնելու համար կը մտնէ Վերոնա քաղաքի Սրբուհի Մատտալենա Տի Քանոսսա վանք։
9 նոյեմբեր 1816-ին քոյր Լեոփոլտինա եւ անոր ընկերուհիները կը հիմնեն նոր յատուկ միաբանութիւն մը ՝՝Սուրբ Ընտանիքի քոյրեր՝՝ անուամբ ։
Մայր Լեոփոլտինա իր մահկանացուն կը կնքէ 17 օգոստոս 1834-ին։ Անոր մարմինը 1958-էն ի վեր կը հանգչի Վերոնա Քաղաքին մէջ գտնուող Սուրբ Ընտանիքի քոյրերու միաբանութեան մայրավանքի մատրան մէջ։
All the contents on this site are copyrighted ©. |