2017-04-29 11:47:00

«Հիւսիսային Քորէայի հետ լայնածաւալ տագնապի հաւանականութիւնը մեծ Է» կ՛ըսէ Թրամփ


Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան հետ հարցազրոյցի ընթացքին անդրադարձած է միջազգային քաղաքական օրակարգի ամէնէն  հրատապ նիւթերէն մէկուն Հիւսիսային Քորէայի շուրջ ստեղծուած նախապատերազմական իրավիճակին:

70-ամեայ Թրամփի համաձայն Փիոնկեանկի հետ լայնածաւալ տագնապի հաւանականութիւնը մեծ է` հակառակ անոր որ ինք պիտի նախընտրէր այդ հարցը լուծել դիւանագիտական ճամբով:

«Մեծ է հաւանականութիւնը, որ մենք վերջիվերջոյ մեծ, շատ մեծ տագնապ պիտի ունենանք Հիւսիսային Քորէայի հետ: Ատիկա յստակ է», ըսած է Միացեալ Նահանգներու նախագահը` աւելցնելով. «Մենք շատ պիտի ուզէինք հարցը դիւանագիտօրէն լուծել, սակայն ատիկա չափազանց բարդ է»:








All the contents on this site are copyrighted ©.