2017-04-28 19:10:00

Ֆրանչիսկոս Պապ հանդիպեցաւ Ղպտիներու Թաուատրոս Բ Պապին հետ


(Ռատիօ Վատիկան) Եգիպտոս կատարած առաքելական ճամբորդութեան ծիրէն ներս, հինգշաբթի, 28 ապրիլ 2017-ին, տեղական ժամով յետմիջօրէին՝ 5.20-ին,  ֆրանչիսկոս Սրբազան քահանայապետ  քաղաքավարական այցելութիւն շնորհեց Ղպտիներուն Թաուատրոս Բ Պապին։

Այս առթիւ արտասանած  խօսքին մէջ  Սրբազան Հայրը  անդրադարձ կատարելով Յիսուսի Յարութեան ` Սուրբ Զատկուայ տօնէն, որ այս տարի  Կաթողիկէ եւ  Օրթոտոքս եկեղեցիները նշեցին միեւնոյն օրը ըսաւ.  ''Այսպէս միաձայն կերպով հռչակեցինք Յարութեան աւետիսը, վերապրելով առաջին առաքեալներուն փորձառութիւնը , որոնք այն  օրը  միասնաբար հրճուեցան տեսնելով Տէրը։ Այս ուրախութիւնը այսօր՝ առաւել  արժէք կը ստանայ ՝ աղօթքի մէջ  ,  Իր անունով  կրկին փոխանակելով սուրբ համբոյրն ու խաղաղութեան ողջագուրումը''    

Ֆրանչիսկոս Պապ յիշեց անցեալ 10 մայիս 2013-ին,  Թաուատրոս Բ Պապին  Վատիկան կատարած այցելութիւնը,  եւ յարեց թէ այդ թուականը առիթ հանդիսացաւ  ամէն տարի նշելու Ղպտի-Կաթողիկէ բարեկամութեան օրը։ 

 Համամիութենական  եղբայրական ուղեւորութեան գործընթացի ծիրէն ներս Ֆրանչիսկոս Պապ յիշեց Սուրբ Պետրոսի  եւ Սուրբ Մարկոսի աթոռներու միջեւ 10 մայիս 1973-ին, ստորագրուած  միասնական յայտարարութիւնը։  Այն օրը ըսաւ սրբազան հայրը , պատմութեան դժուարին դարերէ ետք, Աստուծոյ օգնութեամբ  միասնաբար ճանչցանք ,  որ Քրիստոս կատարեալ Աստուած  է ու կատարեալ Մարդ  ։      

''Միասնական յայտարարութեամբ  երկու եկեղեցիները ճանչցան,  որ Յիսուս Քրիստոս, բոլորին Տէրն է  , բոլորին Աստուածն ու թագաւորը՝՝ ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ ընդգծելով, որ   պատկանելով  բոլորս միեւնոյն Յիսուսին,  այլեւս չենք կրնար մտածել յառաջ ընթանալ՝ իւրաքանչիւրը իր յատուկ ուղիով,  որովհետեւ դաւաճանած կ՝ըլլանք Քրիստոսի կամքը։  Ֆրանչիսկոս Պապ ապա նկատել տուաւ, որ սոյն  համամիութենական ուղեւորութեան ընթացքին, Տէրը միշտ ներկայ է եւ մինակ չի թողուր։ Համամիութենական ուղեւորութեան կը զօրակցին  Սուրբերու եւ մարտիրոսներու մեծ զօրագունդ մը, որոնք ամէնքը կը մղեն հոս՝ այս երկրին վրայ ըլլալու կենդանի պատկերը վերին Երուսաղեմին։ Այս մարտիրոսներուն շարքին կը գտնուին  նաեւ Սուրբ Պետրոս եւ Սուրբ Մարկոս առաքեալները,, որոնք այսօր  ուրախ են  սոյն հանդիպումին համար ըսաւ Սրբազան Հայրը  խօսեցաւ  Սուրբ Պետրոսը եւ Սուրբ Մարկոսը իրարու զօդող անքակտելի կապին մասին , օրինակ բերելով Սուրբ Մարկոսէն, որ իր աւետարանին կեդրոնը զետեղած է Սուրբ Պետրոսի  դաւանած խօսքը։ ՝՝Դուն ես Քրիստոսը՝՝

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա յարեց , թէ երկու եկեղեցիները կանչուած են միասնաբար Քրիստոսը վկայելու եւ աշխարհին փոխանցելու իրենց  հաւատքը, ապրուած հաւատքը  որովհետեւ Յիսուսի ներկայութիւնը կը փոխանցուի կեանքով , անշահախնդիր սիրով եւ շօշափելի արարքներով։ 

Ան անդրադարձաւ սիրոյ լեզուի եւ երկու եկեղեցիներու միջեւ  հաղորդութեան  մասին ,յարելով թէ երբ առօրեայի մէջ շօշափելի հաղորդութեան ծրագիրներ կան հոն երբեք պիտի չի պակսի  Սուրբ Հոգիին ներգործութիւնը որ նախախնամական  միութեան ուղիները կը բանայ  ։

՝՝Այս առաքելական կառուցողական հոգիով է որ կը շարունակենք եղբայրական  ուշադրութիւն վերապահել Կաթողիկէ Ղպտի եկեղեցւոյ հանդէպ ըսաւ Նորին Սրբութիւնը իր երախտագիտութիւնը յայտնելով Թաուատրոս Բ Պապին ցուցաբերած նեցուկին։

Ֆրաչնիսկսո Պապ  իր երախտագիտութիւնը յայտնեց նաեւ  2016-ին կայացած Կաթողիկէ եկեղեցւոյ եւ արեւելեան օրթոտոքս եկեղեցիներու միջեւ Աստուածաբանական երկխօսութեան միջազգային խառն յանձնախումբի  կատարած ժողովին առնչութեամբ,  զայն համարելով որպէս հանդիպումի գեղեցիկ նշան, եւ որպէս յարաբերութեան շարունակութիւն Սուրբ Պետրոսի Եւ Սուրբ  Մարկոսի  աթոռներուն միջեւ։

Ֆրանչիսկոս Պապ անդրադարձաւ  Սուրբ Պօղոս առաքեալին մասին , որ Հռոմի մէջ նահատակուելէ առաջ, իր թուղթերուն մէջ խօսած է Մարկոս Առաքեալի մասին,   զայն համարելով նախախնամական օգնութիւն եւ երեք անգամ նշելով Սուրբ Մարկոսի անունը։  

Խօսելով Արեան համամիութեան մասին Սրբազան Հայրը ըսաւ. Համամիութենական ուղեւորութիւնը   խորհրդաւոր կերպով զօրակցած է  նաեւ արեան իսկական եւ յատուկ  համամիութեան։  Եկեղեցւոյ նահատակներուն արիւնը թափուած քրիստոնէական հաւատքին համար,  այսօր եւս կը շարունակուի հոսիլ '' ըսաւ Նորին Սրբութիւն աւելցնելով .  ''սիրելի եղբար ինչպէս  երկնային Երուսաղեմը մէկ է , մէկ են նաեւ մեր մարտիրոսները։ ։ Ձեր տառապանքները՝ մեր ցաւերն են, անոնց անմեղ արիւնը մեզ կը միացնէ։ 

Միասնաբար աշխատինք հակազդելու  բռնութեան, քարոզելով եւ բարիք ցանելով, աճեցնելով համերաշխութիւնը եւ միութիւնը  պահպանելով ։ ՝՝Աղօթենք՝՝ ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ  ՝՝որպէսզի  անթիւ նահատակներու  զոհաբերումը,  ապագային համար  հաղորդութեան ուղիներ  բանայ  եւ բոլորին շնորհէ  խաղաղութիւն''

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա խօսեցաւ Եգիպտոսի անապատներուն մէջ ծագում առած վանականութեան մասին։

Այս երկրին  մէջ հազիւ վերջ գտան պատմութեան հին հալածանքները,  ծագեցաւ նոր կեանքի ձեւ մը՝ ամբողջովին նուիրուած Տիրոջ. Անապատին մէջ սկզիզբ առաւ վանական կեանքը յարեց Սրբազան Պապը ու նշեց ''Այս հասարակաց ժառանգութեան մեծարանքով, որպէս ուխտաւոր եկայ այս երկիրը, ուր՝ Տէրը կը սիրէ այցելել, հոս՝ Սինայի լերան  վրայ Ան փառաւոր կերպով իջաւ, հոս,  հեզը ՝ որպէս մանուկ  ապաստան գտաւ''։ Քահանայապետը  ապա մաղթանք յայտնեց, որ  միեւնոյն Տէրը երկու եկեղեցիներուն շնորհէ միասնաբար կրկին մեկնելու ,որպէս հաղորդութեան ուխտաւորներ եւ խաղաղութեան հռչակողներ։

Պատգամին աւարտին Սրբազան Հայր մաղթանք յայտնեց որ  երկու եկեղեցիներու համամիութենական  ուղեւորութեան ընթացքին  Տիրամայրը անոնց ձեռքերը բռնած  առաջնորդէ զանոնք­  այն Մայրը որ ընկերացաւ Յիսուսին , այն մայրը որ Եգիպտացիները հնուց ի վեր անուանած են  Theotokos  Աստուածածին։

Թող որ Սուրբ Կոյսը , որ  միշտ կ՛առաջնորդէ  մեզի դէպի  Յիսուս, քիչ մը երկինք շնորհէ նաեւ մեր այս երկրին վրայ։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.