2017-04-28 08:36:00

Բրիտանիոյ Խորհրդարանին մօտ ձերբակալուեցաւ ահաբեկիչ մը։


Հինգշաբթի 27 ապրիլ 2017-ին, դանակով զինուած մարդ մը ձերբակալուեցաւ Բրիտանիոյ խորհրդարանին մօտ: 20-ամեայ տղան ձերբակալուեցաւ զինեալ ոստիկանութեան կողմէ` խորհրդարանի մօտ գաղտնի սպասարկութեան ղեկավարութեամբ գործողութեան մը ընթացքին:

«Պի.Պի.Սի.» կը հաղորդէ, որ ականատես մը գետինը երկու մեծ դանակներ տեսած է:

Բրիտանական ոստիկանութիւնը յայտարարեց, որ անձ մը ձերբակալուած է զէնք կրելու եւ «ահաբեկչական արարքներու գործադրութեան, պատրաստութեան եւ հրահրումի կասկածով»:

Դէպքը տեղի ունեցաւ Բրիտանիոյ վարչապետարանին մօտ, հակառակ անոր որ վարչապետ Թերեզա Մէյ ամբողջ օրը քարոզարշաւի մեկնած էր Տըրպիշայր: Վարչապետարանի բանբերը յայտնեց, որ վարչապետը դէպքէն տեղեակ պահուած է:








All the contents on this site are copyrighted ©.