2017-04-27 11:01:00

Ֆրանչիսկոս Պապ հանդիպեցաւ ՝՝Papal Foundation՝՝ հիմնարկի անդամներուն հետ։


(Ռատիօ Վատիկան) Հինգշաբթի, 27 ապրիլ 2017-ին, առաւօտեան, Վատիկանի ՝՝Քլեմենթինա՝՝ անուան դահլիճին մէջ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետ ընդունեց ''Papal Foundation" Պապական հիմնարկի աւելի  քան 225 անդամները, որոնք Հռոմի մէջ կը գտնուին հիմնարկի տարեկան Հռոմ քաղաք այցելութեան առիթով։

Սրբազան Հայրը իր ողջոյնի խօսքին մէջ պապական հիմնարկի անդամներուն մաղթեց,  որ իրենց  Հռոմ՝ յաւիտենական քաղաք  կատարած ուխտագնացութիւնը,  ամրապնդէ զիրենք հաւատքին եւ յոյսի մէջ, ինչպէս նաեւ եկեղեցւոյ առաքելութեան զարգացումի ի սպաս իրենց յանձնառութեան մէջ,  նախաձեռնելով կրօնային ու բարեսիրական բնոյթ ունեցող ծրագիրներուն, որոնք շատ սիրելի են Պապին համար։   

Սրբազան Հայրը ապա անդրադառնալով ժամանակակից աշխարհին որ յաճախ յատկանշուած է բռնութեամբ  եւ անտարբերութեամբ  նշեց թէ աշխարհը կարիքը ունի մեր յոյսի պատգամի վկայութեան՝  Աստուծոյ սիրոյ համերաշխ եւ փրկարար զօրութեամբ, զոր կը  բխի Աւետարանէն   

Ան  ապա Իր երախտագիտութիւնը յայտնեց Պապական  հիմնարկի  առաջադրանքին համար, օգնելու եկեղեցւոյ՝ յոյսի պատգամը տարածելու աշխարհի չորս ծագերուն մէջ, աշխատանք տանելով՝ նիւթական եւ հոգեւոր զարգացման համար՝  աշխարհի  բոլոր եղբայրներուն եւ քոյրերուն համար՝ յատկապէս աճ արձանագրող երկիրներու մէջ։ 

 Սրբազան հայրը իր խօսքը եզրափակելով խնդրեց  ներկաներէն, որ աղօթեն աղքատներուն ու կարիքաւորներուն համար,  սրտերու ապաշխարութեան համար,  աւետարանացման եւ եկեղեցւոյ զարգացման համար. հուսկ՝ խնդրեց նաեւ որ աղօթեն իրեն համար։

Պապական հիմնարկի անդամները յանձնելով Տիրամօր Հովանիին, Նորին Սրբութիւն բոլորին շնորհեց իր առաքելական խաղաղութեան օրհնութիւնները։








All the contents on this site are copyrighted ©.