2017-04-27 09:09:00

Թրքական պետութեան միջամտութեամբ «Խոստումը» կ՛արգիլուի շարք մը արաբական երկիրներու մէջ


ՊԷՅՐՈՒԹ.- Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչականի վարիչ Յակոբ Հաւաթեան իր դիմատետրի էջին վրայ կը գրէ.

THE PROMISE ժապաւէնի ցրուումը Միջին Արեւելքի մէջ ստանձնած ընկերութիւնը քիչ առաջ յայտնեց, որ թրքական պետութեան բանեցուցած մեծ ճնշումներուն պատճառով ժապաւէնին ցուցադրութիւնը կասեցուած է Եգիպտոսի, Քուէյթի, Տուպայի եւ Պահրէյնի մէջ, իսկ Քաթարի մէջ ժապաւէնէն բաժիններ կտրատուած են: Թրքական դեսպանատունը Լիբանանի մէջ նաեւ ճնշում ի գործ դրած է բաժիններ ջնջելու, բայց թրքավայել ճիգերը այս պարագային ձախողութեան մատնուած են եւ ժապաւէնին ամբողջական ցուցադրութիւնը տակաւին կը շարունակուի Լիբանանի բոլոր նահանգներուն մէջ: Առաջին շաբթուան լաւ ընկալումէն ետք սակայն, անցնող երկու օրերուն ներկաներու թիւի համեմատութիւնը նուազած է: Նկատի ունենալով այս բոլոր իրողութիւններն ու անցուդարձերը, լիբանանահայութիւնը յաւելեալ պարտաւորութեան տակ կը գտնուի ժապաւէնի ցուցադրութեան շարունակականութիւնը երաշխաւորելու: WE MUST CONTINUE KEEPING OUR PROMISE.

«Ասպարէզ» եւս կոչ կ՛ուղղէ մեր Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու հայութեան՝ շարունակելու «Խոստումը»շարժապատկերին զօրակցութիւնը՝ անոր հանդէպ բարեկամ-հարազատներու հետաքրքրութիւնը վառ պահելով:








All the contents on this site are copyrighted ©.