2017-04-27 11:50:00

''Աւետարանել կը սորվինք աւետարանելով...'' Ֆրանչիսկոս Պապ Ացիոնէ Քաթթոլիքայի անդամներուն։


(Ռատիօ Վատիկան) Հինգշաբթի 27 ապրիլ 2017-ին առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, Վատիկանի Սիւնհոդոսի սրահին մէջ, ունկնդրութիւն շնորհեց ''Ացիոնէ Քաթթոլիքայի'' միջազգային Բ համագումարի մասնակիցներուն որուն բնաբանն է ''Ացիոնէ Քաթթոլիքան առաքելութեան մէջ, բոլորին հետ եւ բոլորին համար''։

Այս առթիւ անոնց արտասանած երկարաշունչ ճառին մէջ, Նորին Սրբութիւնը ուզեց ներկաներուն հետ կիսել որոշ մտահոգութիւններ ու նկատառումներ մեկնելով Ացիոնէ Քաաթթոլիքա շարժումի խարիզմէն ու անոր պատմական առաքելութենէն որ է` աշխարհականներու եւ միսիոնար աշակերտներու կազմաւորումը,  ''Աւետարանի ուրախութիւնը'' շրջաբերականի լոյսին ներքոյ։

''Ացիոնէ Քաթթոլիքան ունեցաւ չորս հիմնասիւներ` աղօթքը, կազմաւորումը, նուիրումն ու առաքելութիւնը'' ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը ակնարկելով այս հիմնասիւներու ամէն մէկուն յատկութեան, ապա շեշտեց աւետարանութեան յանձնառումի նորոգումի անհրաժեշտութիւնը, հաստատելով թէ Ացիոնէ Քաաթոլիքան ունի պարտականութիւն մը որ է ''առաքելութիւնը'', առանց որուն ան կը կորսնցնէ իր իսկ գոյութեան պատճառը։

Այս առընչութեամբ Սրբազան Քահանայապետը թելադրեց վերատեսել կազմաւորումի ծրագիրները ու չի հակիլ աւանդութիւններու վրայ, ըսելով թէ ''միշտ ալ այսպէս ըրած ենք'', որովհետեւ, դիտել տուաւ Ան,  անցեալի շատ մը բարի գործելակերպեր այսօր արդիական չեն կրնան համարուիլ։

Ացիոնէ Քաթթոլիքան պէտք է ընդգրկէ Եկեղեցւոյ ամբողջական առաքելութիւնը, ըսաւ ապա Ֆրանչիսկոս Պապ, ու այդ առաքելութիւնը կը նորոգուի ամէն մէկ յատուկ եկեղեցւոյ մէջ­, իր իւրայատուկ գոյնով, առ այդ Ացիոնէ Քաթթոլիքան եւս հետեւելու է այդ ընթացքին­, Եկեղեցւոյ նուիրելով հասուն աշխարհականներ որոնք վեհանձնութեամբ կը ծառայեն հովուական խնամակալութեան ծրագիրներուն, ամէն մէկ վայրի մէջ։ Այս ուղղութեամբ Քահանայապետը ընդգծեց թէ Ացիոնէ Քաթթոլիքայի ամէն մէկ անդամ գործօն առաքեալ մըն է։ Երիտասարդները կ՛աւետարանեն երիտասարդներ, անչափահասները` անչափահասներ մինչ տարեցները տարեցներ, ամէն մին իր ասպարէզին մէջ ցոյց տալով թէ կարելի է ապրիլ հաւատքի ուրախութիւնը` օրինակ առնելով Յիսուսէն եւ անոր աշակերտներէն, որոնք նոյնիսկ երբ անփորձ էին առաքուեցան Անկէ, աւետարանելու եւ քարոզելու իրենց ունեցածովը, թոյլ տալով որ Սուրբ Հոգին առաջնորդէ անոնց քայլերը, որովհետեւ Ան իսկական վարդապետն է որ կը լուսաւորէ մեր գործը։  ''Երբ մեր սիրտը ընդունակ է` աւետարանել կը սորվինք աւետարանելով, աղօթել կը սորվինք աղօթելով'' յարեց ապա Սրբազան Քահանայապետը  խրախուսելով բոլորը առաքելութիւն կատարելու ամենուրէք, բոլոր մարդոց ու բոլոր արուարձաններուն մէջ, ըլլայ քաղաքական, տնտեսական ու մասնագիտական ասպարէզներէն ներս, ինչպէս նաեւ բանտերու, հիւանդանոցներու, ճամբաներու ու գործարաններու մէջ։

''Ես կ՛ուզեմ Ացիոնէ Քաաթթոլիքա մը մարդոց մէջ, ժողովրդապետութեան մէջ, թեմերուն մէջ, թաղամասերուն մէջ, ընտանիքի մէջ, աշխատանքի վայրին ու կեանքի զանազան միջավայրերու մէջ, ըլլալով բաց բոլորին նկատմամբ ու գործադրելով ներգործական ողորմութիւն մը'' ըսաւ հուսկ Սրբազան Քահանայապետը հաստատելով թէ  ''Ացիոնէ Քաթթոլիքան ըլլալու է դէպի դուրս շարժում մը''։

Դուրս ելլել կը նշանակէ վեհանձնութիւն ու իրականութեան հետ հանդիպում. Կը նշանակէ ազատութիւն, կը նշանակէ հաւատքի ուրախութիւնը վարակել անոնց որոնց կը հանդիպիք. Կը նշանակէ դառնալ հանդիպումի միջավայր.. կը նշանակէ ապրիլ աւետարանութեան անուշ եւ ամոքող ուրախութիւնը, ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ աւարտելով Ացիոնէ Քաթթոլիքայի'' միջազգային Բ համագումարի մասնակիցներուն ուղղած երկարաշունչ ճառը։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.