2017-04-24 09:36:00

Ֆրանսայի Նախագահական ընտրութեան առաջին փուլ. Մաքրոն եւ Լը Փեն կ’անցնին երկրորդ փուլ։


Կիրակի 23 ապրիլին Ֆրանսայի մէջ տեղի ունեցաւ երկրի նախագահական ընտրութեան առաջին փուլը: Շուրջ 47 միլիոն ֆրանսացիներ իրաւունք ունէին մասնակցելու իրենց երկրի նախագահին: Այդ պաշտօնին համար տարբեր քաղաքական ուժերէ թեկնածու ներկայացած էին 11 քաղաքագէտներ:

Քուէարկողներու շուրջ 80 առ հարիւր համեմատութեամբ մասնակցութեան պայմաններուն մէջ, ըստ Ֆրանսայի ներքին գործոց նախարարութեան տուեալներուն, Ազգային ճակատ կուսակցութեան ղեկավար Մարին Լը Փեն ապահոված էր քուէներուն 24,38 առ հարիւրը, մինչ «Յառաջ» կուսակցութեան 39-ամեայ ղեկավար Էմանուէլ Մաքրոն` 22,19 առ հարիւրը, Հանրապետականներ կուսակցութեան թեկնածու Ֆրանսուա Ֆիյոն եւ ձախակողմեան Ժան¬Լիւք Մելանշոն` 19,5 առ հարիւրը, իսկ Ընկերվարական կուսակցութեան թեկնածու Պենուա Ամոն` 6,2 առ հարիւրը:

Այսպիսով` Լը Փեն եւ Մաքրոն իրար դէմ պիտի մրցին Ֆրանսայի նախագահական ընտրութեան 7 մայիսին նախատեսուած երկրորդ փուլի ընթացքին: Երկրորդ փուլ չանցած բազմաթիւ թեկնածուներ արդէն իրենց համակիրներուն կոչ ուղղեցին երկրորդ փուլի ընթացքին քուէարկելու ի նպաստ Մաքրոնի:

50.000 ոստիկաններ եւ 7000 զինուորներ կը հսկէին ապահովութեան:

Նշենք, որ նախագահական ընտրութիւնը ընթացաւ ապահովական խիստ միջոցառումներու ներքեւ`  նկատի ունենալով հազիւ երկու օր առաջ մայրաքաղաք Փարիզի կեդրոնական Շանզելիզէ թաղամասին մէջ տեղի ունեցած յարձակումը, որուն ընթացքին զոհուած էր ֆրանսացի ոստիկան մը:








All the contents on this site are copyrighted ©.