2017-04-24 12:40:00

Յառաջիկայ 20 Յունիսին Ֆրանչիսկոս Պապ պիտի այցելէ Պոցցոլօ եւ Պարպիանա աւանները։


(Ռատիօ Վատիկան) 20 յունիս 2017-ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ուխտագնացութիւն պիտի կատարէ Իտալիոյ Քրեմոնայի Եկեղեցական Թեմին պատկան Պոցցոլօ աւան եւ Ֆիրենցէի թեմին մաս կազմող Պարպիանա աւան, այնտեղ աղօթելու համար Հայր Փրիմօ Մացցոլարիի (1890-1959) եւ Հայր Լորենցօ Միլանիի (1923-1967) դամբաններուն վրայ։

Երկու վերոնշեալ Քահանաները ճանչցուած են որպէս Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ կարեւոր դէմքեր որոնք գործօն կերպով նպաստեցին Իտալիոյ ընկերութեան զարգացումին` պատերազմի ու Ֆաշիստական շարժումի ժամանակաշրջանին ։

Սրբազան Քահանայապետին սոյն այցելութիւնը պիտի ունենայ առանձնական բնոյթ։

Նորին Սրբութիւնը Վատիկանէն կը մեկնի Ինքնաթիռով առաւօտեան 7,30-ին ու մէկ ու կէս ժամ թռիչքէ ետք կը ժամանէ Պոցցոլօ որ կը գտնուի Մանթովա քաղաքի մօտակայքը։

Սրբազան Հօր կը դիմաւորեն քաղաքի քաղաքապետը ու Քրեմոնա Թեմին Եպիսկոպոսը որոնք Նորին Սրբութեան հետ կ՛ուղղուին  Պոցցոլոյի Սուրբ Պետրոս Եկեղեցի ուր Սրբազան Քահանայապետը կ՛ամփոփուի Հայր Փրիմօ Մացցոլարիի գերեզմանին առջեւ, ապա յատուկ խօսք մը կ՛ուղղէ Եկեղեցւոյ մէջ համախմբուած հաւատացեալներուն, որմէ ետք հրաժեշտ առնելով ներկաներէն, ինքնաթիռով կ՛ուղղուի Պարպիանա աւան ուր կը դիմաւորուի Վիքիօ գիւղաքաղաքի քաղաքապետի եւ Ֆիրենցէ Թեմին Արքեպիսկոպոս` Կարդինալ Ճուզեփփէ Պեթորրի կողմէ։

Սրբազան Հայրը հուսկ կ՛ուղղուի քաղաքի գերեզման ուր կ՛աղօթէ Հայր Լոնրենցօ Միլանիի դամբանին առջեւ, ապա գերեզմանատան մատրան մէջ հանդիպում կ՛ունենայ Հայր Միլանիի աշակերտներէն մի քանիներուն հետ։

Նախ քան Վատիկան վերադարձը, Սրբազան Քահանայապետը սրտի խօսքը կը փոխանցէ Հայր Միլանիի աշակերտներուն, Թեմական Քահանաներուն ու այլ ներկայ գտնուող անչափահասներուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.