2017-04-24 10:17:00

«Դամասկոսի կողմէ քիմիական զէնքի օգտագործման սուտ տեղեկութիւններուն նպատակը Ասատը իշխանութենէն հեռացնելն Է»Լաւրով


Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտարարեց, որ Իտլիպի մէջ քիմիական զէնքի հաւանական օգտագործման վերաբերեալ Ռուսիոյ` Քիմիական զէնքերու տարածման կանխարգիլման կազմակերպութեան ներկայացուցած ծրագիրին մերժումին նպատակը Սուրիոյ մէջ վարչակարգի փոփոխութիւնն է:

Ուրբաթ օր Լաւրով իր չինացի պաշտօնակից Ուանկ Եիի հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին նշեց. «Երէկ արեւմտեան պատուիրակութիւնները առանց յստակ բացատրութիւն տալու մերժեցին դէպի Սուրիոյ մէջ քիմիական զէնքի հաւանական օգտագործման վայր կազմակերպութեան փորձագէտներու այցելութեան մեր միացեալ առաջարկը»:

«Այդ քայլէն ի յայտ եկաւ կեցուածքին տկարութիւնը մեր արեւմուտքցի գործընկերներուն», յայտնեց Լաւրով:

Չինաստանի արտաքին գործոց նախարարը իր կարգին յայտարարեց, որ իր երկիրը պատրաստ է Ռուսիոյ կողքին նպաստելու «տաք շրջաններու», ներառեալ Սուրիոյ եւ Հիւսիսային Քորէայի հարցերուն քաղաքական լուծման:

Ան յայտնեց. «Չինական կողմը երէկ Քիմիական զէնքի տարածման կանխարգիլման կազմակերպութեան մէջ գործակցեցաւ Ռուսիոյ հետ: Մենք քուէարկեցինք ի նպաստ ձեր ծրագիրին եւ կը կարծենք, որ ձեր կեցուածքները տրամաբանական են ու արդարացուած»:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.