2017-04-23 12:13:00

Ոչ եւս է Կարդինալ Աթթիլիօ Նիքորան. Ֆրանչիսկոս Պապին ցաւակցական հեռագիրը։


(Ռատիօ Վատիկան) Շաբաթ 22 ապրիլ 2017-ի երեկոյեան իր հոգին աւանդեց առ Հայր 80 ամեայ Կարդինալ Աթթիլիօ Նիքորան, որ ժամանակէ իր վեր Հռոմի մէկ հիւանդանոցի մէջ դարմանումի մէջ էր։
Անոր մահուան ի լուր Ֆրանչիսկոս Պապ ցաւակցական հեռագիր մը յղեց Անոր ընտանեկան պարագաներուն­, որուն մէջ իր ցաւակցութիւնները յայտնելէ ետք մեծարեց հանգուցեալ Ծիրանաւորին նուիրական առաքելութիւնը եկեղեցական կառոյցներէն ներս, ապա հայցեց Սուրբ Կոյս Մարիամի եւ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ-ի բարեխօսութիւնը, որ կարդինալի տիտղոսը շնորհած է ննջեցեալին, հուսկ ապահովեցնելէ ետք իր աղօթքները  առաքելական օրհնութիւններ շնորհեց բոլոր անոնց որոնք կ՛ողբան Կարդինալ Նիքորայի մահը։

Հանգուցեալ Ծիրանաւորին յուղարկաւորութեան արարողութիւնը տեղի կ՛ունենայ երկուշաբթի 24 ապրիլ 2017-ի 14,45-ին. Վատիկանի Սուրբ Պետրոսի Մայր տաճարին մէջ, որուն իր մասնակցութիւնը կը բերէ նաեւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը։

Կարդինալ Նիքորայի մահով կարդինալական դասին թիւը կ՛իջնէ 222-ի որոնցմէ 117 Քահանայապետ ընտրելու իրաւունքով կարդինալներ։








All the contents on this site are copyrighted ©.