2017-04-22 13:30:00

Ֆրանչիսկոս Պապին թուիթը, ''Գեղեցկութիւն սերմանենք ու պաշտպանենք երկիր մոլորակը''։


(Ռատիօ Վատիկան) Ապրիլի 22-ին  համայն աշխարհի մէջ կը նշուի Մայր Երկրի օրը հաստատուած ՄԱԿ-ի կողմէ 1970ական թուականներուն։  Օրը պաշտօնապէս սկսած է նշուիլ 2010 թուականին որպէս նպատակակէտ ունենալով մարդկութեան ուշադրութիւնը հրաւիրել մեր Երկիր մոլորակի բնապահպանական խնդիրներուն ու հարցերուն վրայ։

Այս օրուայ առթիւ իւրաքանչիւրը պէտք է խորհի Երկիր մոլորակի իրավիճակի մասին ու յանձնառու ըլլայ ''փոքրիկ գործերով'' սատարել այդ իրավիճակի բարելաւման։

Մայր Երկրի օրուայ առթիւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը հրապարակեց թուիթ մը որուն մէջ աղօթք բարձրացուց  Տիրոջ` Անորմէ հայցելով որ ''բժշկէ'' մեր կեանքը որպէսի կարող ըլլանք պահպանելու աշխարհը ու ամենուրէք գեղեցկութիւն սերմանելու։

''Տէր բժշկէ մեր կեանքը որպէսզի կարենանք պաշտպանել աշխարհը առանց զայն թալանելու, ու կարենանք ոչ թէ ապականութիւն եւ աւէր սերմանել, այլ գեղեցկութիւն'' գրեց Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.