2017-04-22 08:16:00

Ապրիլեան խոկումներ. Երանելի Ինգնատիոս Մալոյեանի Նահատակութիւնը


1915-ի` Յունիս 10-ի երեկոյեան, Մալոյեան առաջնորդը եւ 417 հոգիներ, երիտասարդ եւ ծեր, կղերական եւ աշխարհական, իրարու շղթայուած, Մարտինէն դուրս կը քշուին: Գողգոթայի ճամբու ընթացքին, զինուորները կը հեռացնեն ծեր կալանաւորները, եւ կ՛առաջնորդեն այլուր, կը մերկացնեն, կը կողոպտեն ու կը սպանեն: Ապա կը վերադառնան ու կը խոստանան կալանաւորներու խմբակները տուն վերադարձնել, սակայն զիրենք եւս հեռու վայր մը կ՛առաջնորդեն ու կը սպանեն:

Երբ Առաջնորդը իրազեկ կը դառնայ իր հօտին դժբախտ վախճանին մասին, կ՛ըսէ Մամտուհ Պէյին. «Վստահ եմ, որ օգնականներդ յօշոտած են մեզմէ շատերը, հեռու տանելով զիրենք: Անտարակոյս ես ալ նոյն ճակատագիրը պիտի ունենամ մնացած հաւատացեալներուս հետ: Կը խնդրեմ քեզմէ, արտօնէ՛ ինծի, վերջին անգամուան համար խօսք մը ուղղել հօտիս»: Մալոյեան Գերապայծառին խնդրանքը կ՛ընդունուի: Եւ երբ Մամտուհ Պէյի զինուորները կը հեռանան, Առաջնորդը եւ հաւատացեալները կ՛աղօթեն Աստուած պաղատագին, օգնութիւն աղերսելով Անկէ, որ նահատակութեան շնորհքը ընդունին:

Ապա Մալոյեան Գերապայծառը կը սրբագործէ հացը, քահանաները սուրբ մասնիկները կը բաշխեն հաւատացեալներուն: Այս երկնային արարողութեան դէպքին ականատես զինուորները կը պատմեն, թէ լոյսի թանձր ամպ մը ծածկեց Քրիստոսի մարտիկներու փաղանգը, զանոնք ամբողջովին թաքցնելով զինուորներուն աչքերէն: Անուշահոտ բուրմունք մը տարածուեցաւ բոլորին վրայ: Ամէնքը հիացան տեսնելով հրճուանքի, ուրախութեան եւ խաղաղութեան նշանները, նահատակութեան պատրաստ այս մարդոց դէմքերուն վրայ:

Մալոյեան Գերապայծառը վերադառնալով՝ ըսաւ Մամտուհ Պէյին. «Վերջին պարտականութիւնս կատարեցի, այժմ ըրէ՛ ինծի ինչ որ կ՛ուզես»: Այնուհետեւ, ոստիկանապետը կը հրամայէ պահել Մալոյեան Գերապայծառը, եւ տանիլ մնացած մարդիկը Զարզուանի դղեակը, ուր կը մերկացնեն զիրենք ու կը սպանեն: Նահատակներուն մարմինները կը նետեն ջրհորի մը մէջ:

Մամտուհ Պէյ կրկին կը նեղէ Մալոյեան Գերապայծառը, հարցաքննելով զինք եկեղեցւոյ եւ առաջնորդարանի մէջ կարծեցեալ պահուած զէնքերու մասին, եւ փրկուելու համար, կը պահանջէ անկէ ընդունիլ մահմետականութիւնը: Առաջնորդը անվարան կը պատասխանէ.«Կ՛անտեսես՝ ինչ որ ըսի ու հաստատեցի քեզի. ամբաստանութիւններդ ինծի նկատմամբ անհիմն են. եւ երբեք չեմ ուրանար հաւատքս. շտապէ՛ եւ զիս սպանէ՛ ու հասցու՛ր զաւակներուս, որ մասնակից դառնամ իրենց երկնային հարսանիքին»: Մամտուհ Պէյ կը վարանի քանի մը րոպէ եւ կրկին Երան. Մալոյեանին կը հարցնէ.«Կ՛ընդունի՞ս մահմետականութիւնը որպէս կրօնք»: Մալոյեան Գերապայծառը անվարան ու հաստատ խօսքերով կը պատասխանէ.«Զարմանալի է հարցումդ, որովհետեւ կ՛ապրիմ եւ կը մեռնիմ իմ ճշմարիտ հաւատքիս համար եւ Քրիստոսի Խաչը իմ հպարտանքս է, Տէրս եւ Աստուածս»: Այն ատեն, ջղայնացած ու զայրացած՝ վայրենի Մամտուհ Պէյ ատրճանակը կը հանէ ու կը կրակէ Մալոյեան Առաջնորդին վրայ: Սրբակեաց եպիսկոպոսը կը վիրաւորուի վիզէն ու գետին կ՛իյնայ, արտասանելով հետեւեալ խօսքերը. «Տէր, գթա՛ ինծի, ձեռքերուդ մէջ կը յանձնեմ հոգիս», ու կ՛աւանդէ հոգին:








All the contents on this site are copyrighted ©.