2017-04-21 09:00:00

Ռուսիա, Թուրքիա եւ Իրան քննարկած են Սուրիոյ մէջ զինադադարի հարցը


Ասթանայի հոլովոյթի երաշխաւոր երկիրներ Ռուսիոյ, Թուրքիոյ եւ Իրանի փորձագէտները քննարկեցին երեք երկիրներուն ներկայացուած եւ Սուրիոյ մէջ զինադուլի ամրապնդման ու գերիներու փոխանակման վերաբերող փաստաթուղթը:

Թեհրանի մէջ Փորձագէտներու եւ միացեալ աշխատանքի խմբակի ժողովէն հրապարակուած հաղորդագրութիւնը կը նշէ, որ երեք երկիրներու պատուիրակութիւնները համաձայնութիւն գոյացուցած են 2 մայիսին Ասթանայի մէջ տեղի ունենալիք ժողովէն առաջ փորձագէտներու մակարդակով նոր ժողով մը գումարելու:

Դիւանագիտական աղբիւր մը «Սփութնիք»-ին յայտնեց, որ Թեհրանի ժողովին նաեւ համաձայնութիւն գոյացած է գերիներու փոխանակման մասին փաստաթուղթի մը շուրջ, որ պիտի ներկայացուի Ասթանայի ժողովի մասնակիցներուն:








All the contents on this site are copyrighted ©.