2017-04-21 10:50:00

ՄԱԿ-ի մէջ Գերապայծառ Աուզայի ելոյթը գաղթականներու հոսքի մասին


(Ռատիօ Վատիկան) ՄԱԿ-ի մօտ Սուրբ Աթոռի մնայուն դէտ գերապայծառ Պերնարտիդօ Աուզա, երեքշաբթի, 18 ապրիլ 2017-ին, գաղթականներու հոսքին հայող միջազգային բանավէճի մը  ընթացքին ելոյթ ունեցած է Նիւ Եորքի  ՄԱԿ-ի կեդրոնատեղիին մէջ, որուն  մէջ ընդգծած է,  որ գաղթականներու վերաբերեալ կնքուած համաձայնութիւնը, միջազգային ընտանիքի հնարաւորութիւն պիտի ընծայէ  յարգելու 2030 թուականի  օրակարգի  յանձնառութիւնները,  զօրակցութեան յայտագիրը, ­  որ  կնքուած է 2015-ին, ՄԱԿ-ի անդամ 193 երկիրներու պետութիւններուն կողմէ։   

Գերապայծառ Աուզա  վերյիշելով  Ֆրանչիսկոս Պապին յիշեալ յայտագիրի որդեգրութեան մասին խօսքը­,  որ Ան յայտագիրը սահմանած է յոյսի կարեւոր նշան,   նկատել տուաւ, որ Սուրբ Աթոռի համար  այդ յոյսի նշանը  իրականութիւն կը դառնայ լոկ՜  այն պարագային  երբ  յայտագիրը իսկապէս կ՝իրականացուի համերաշխ եւ զօրեղ կերպով, եւ  կ՝իրականացուի բոլորին համար ներառեալ գաղթականներուն համար։

Գերապայծառ Աուզա  իր ելոյթին մէջ մատնանշեց նաեւ Ֆրանչիսկոս Պապի յորդորին՝ ուղղուած  բոլոր քաղաքական անձնաւորութիւններուն,  որդեգրելու  զօրեղ եւ արդիւնաբեր  միջոցառումներ՜ ամենէն արագ ձեւով,  վերջ դնելու համար ընկերային եւ տնտեսական մեկուսացումի երեւոյթները,  որոնք յաճախ պատճառ կը դառնան գաղթականութեան երեւոյթին։ 

Վատիկանի դիւանագէտը ելոյթին մէջ անդրադարձ կատարեց նաեւ  անչափահաս գաղթականներու ապրած ողբերգութեան, կոչ ուղղելով միջազգային ընտանիքին յանձնառու ըլլալ դադրեցնելու հակամարտութիւններն ու բռնութիւնները,  ապա՜ առաջարկեց միասնական համապետական  պատասխան մը տալ գաղթականութեան երեւոյթին  ու յարգել ամէն մէկ մարդ արարածի արժանապատուութիւնն ու անոր հիմնական ազատութիւնները։








All the contents on this site are copyrighted ©.