2017-04-21 09:06:00

Էրտողան կը փորձէ վարկաբեկել Եւրոպացի դէտերն ու Օպաման


ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր».- Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան «ահաբեկչական կազմակերպութեան ներկայացուցիչներ» անուանած է սահմանադրական հանրաքուէին հետեւած ԵԱՀԿի դիտորդական առաքելութեան անդամները:

Ըստ թրքական «Տիքեն» լրատուական կայքին՝ Էրտողան «Ճազիրա» կայանին տուած հարցազրոյցին ընթացքին իր ըսածը փորձած է հիմնաւորել՝ ըսելով, որ ԵԱՀԿի ներկայացուցիչներէն մէկը իր ելոյթին ատեն ձեռքին ունեցած է Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան դրօշակը: Էրտողան նաեւ քննադատած է սահմանադրական հանրաքուէին վերաբերեալ ԵԱՀԿի դիտորդական առաքելութեան ներկայացուցած զեկոյցը:

Յիշեցնենք, որ Ապրիլ 16ին, Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած սահմանադրական բարեփոխումներու հանրաքուէին վերաբերեալ դիտորդական խումբի զեկոյցին մէջ արձանագրուած են բազմաթիւ օրինախախտումներ, որոնք կրնան էական ազդեցութիւն ունեցած ըլլալ ընտրութեան արդիւնքին վրայ:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլուտ Չաւուշօղլու եւս «ահաբեկչութեան աջակցելու» ամբաստանութեամբ մեղադրած է ԵԱՀԿի եւ Եւրոխորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովի (ԵԽԽՎ) դէտերը՝ Թուրքիոյ սահմանադրական փոփոխութիւններու հանրաքուէին վերաբերեալ վերջիններուս հրապարակած քննադատական զեկուցումներուն համար:

Միւս կողմէ, «Ճազիրա»ի հետ հարցազրոյցին ընթացքին Էրտողան այլ կոշտ մեղադրանք մը հնչեցուցած է Միացեալ Նահանգներու նախկին նախագահ Պարաք Օպամայի հասցէին: Ան պնդած է, որ հիւսիսային Սուրիոյ մէջ գործող քրտական ուժերուն գծով, իրենք Օպամայի իշխանութեան օրերուն համաձայնութիւն գոյացուցած էին ամերիկեան իշխանութեանց հետ, «սակայն, դժբախտաբա՛ր, Օպամա մեզ խաբեց»: Էրտողան յաւելեալ մանրամասնութիւն չէ բացայայտած այս մասին, այլ բաւարարուած է ըսելով. «Ահաբեկչական կազմակերպութիւններուն դէմ պայքարի հարցով, անոնք նախապէս կ՛ըսէին, թէ պէտք է համաձայնութեամբ աշխատինք: (Թրամփի հետ) Հանդիպման ընթացքին, օրակարգի վրայ պիտի ըլլան քրտական ուժերուն վերաբերեալ մանրամասնութիւններ, եւ մենք, բնականաբա՛ր, իրենց պիտի փոխանցենք շարք մը փաստաթուղթեր»:

Չաւուշօղլու իր կարգին հաղորդած է, որ Էրտողան-Թրամփ հանդիպումը պիտի կայանայ Մայիս 16-17ին։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.