(Ռատիօ Վատիկան) Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը , որուն մէջ հաստատեց այն լուրը, թէ Ֆրանչիսկոս Պապ մի քանի օրեր առաջ առանձնական նամակ մը յղած է Պրազիլի հանրապետութեան նախագահ Միշել Թեմերին, որուն պարունակութիւնը չէ հրապարակուած՝ ''անձնական'' բնոյթ ունենալուն պատճառաւ ։
Հաղորդագրութեան մէջ նշուած է նաեւ թէ Ֆրանչիսկոս Պապ Պրազիլի նախագահին յղած նամակը պատասխան է Պրազիլի Նախագահին կողմէ ստացած նամակին , որուն մէջ Ան Նորին Սրբութեան հրաւէր ուղղած է 2017-ին՝ Պրազիլ այցելելու՝ Ափարեստիայի Տիրամօր երեւումներուն 300-րդ ամեակի առիթով։
Ֆրանչիսկոս Պապ նախագահին յղած նամակին մէջ գրած է, թէ Ինք դժբախտաբար պիտի չի կարենայ այցելել Պրազիլը ՝ նախապէս ծրագրուած գործունէութիւններուն պատճառաւ։
Անդրադառնալով ապա Պրազիլի նախագահին՝ երկրի ընկերային հարցերը լուծելու յանձնառումին, Ֆրանչիսկոս Պապ քաջալերած է նախագահը շարունակելու աշխատիլ աղքատներուն եւ տկարներուն ի սպաս։
All the contents on this site are copyrighted ©. |