(Ռատիօ Վատիկան) Չորեքշաբթի 19 ապրիլ 2017-ին, հրապարակուեցաւ Ֆրանչիսկոս Պապի կողմէ նշանակուած, որոշ արարողութիւններու առթիւ զինք ներկայացնող յատուկ պատուիրակներու ցանկը, որով Նորին Սրբութիւնը` յառաջիկայ 26 ապրիլ 2017-ին, Սքութարի ազգային սրբավայրին մէջ յատուկ արարողութեամբ նշուելիք Սքութարին Տիրամօր երեւման 550-րդ ամեակի տօնախմբութիւններու գլխաւորելու համար՝ որպէս յատուկ ներկայացուցիչ անուանած է ՝՝առաքելական կեանքի եւ անձինք նուիրեալներու հաստատութիւններու ժողովի՝՝ երբեմնի կառավարիչ՝ կարդինալ Ֆրանք Ռոտեէտը։
Իսկ 4-6 մայիս 2017-ին, Ֆաթիմայի սրբավայրին մէջ կայանալիք, V ULTREIA mondiale dei Cursillos de Cristiandad եկեղեցական շարժումի ձեռնարկի արարողութեան որպէս յատուկ ներկայացուցիչ անուանած է ՝՝կրօնական կեանքի եւ անձինք նուիրեալներու հաստատութիւններու՝՝ ժողովի կառավարիչ՝ կարդինալ Խոաօ Պրազ Տէ Ավիզը։
Ապա 13- 17 մայիս 2017-ին, Ֆաթիմայի Տիրամօր երեւումներու 100-րդ ամեակի առիթով կազմակերպուած, Քարականտայի Ֆաթիմայի Տիրամօր տաճարին մէջ տեղի ունենալիք` Խազախստանի Մարեմեան համագումարի եզրափակիչ արարողութեան որպէս յատուկ ներկայացուչիչ անուանած է ՝՝Քոր Ունում՝՝ Քահանայապետական բարեսիարական հաստատութեան խորհուրդի երբեմնի նախագահը Կարդինալ Փոլ Ժոզեֆ Քորտեսը։
All the contents on this site are copyrighted ©. |