2017-04-19 11:10:00

Սերժ Սարգսեան շնորհաւորած է Հայաստանի Եզտիական համայնքի նոր տարին


Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահ Սերժ Սարգսեան շնորհաւորական ուղերձ յղած է Հայաստանի եզտիական համայնքին Նոր տարուայ` Մալաքէ Թաուսի առիթով: Այս մասին կը հաղորդեն ՀՀ Նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան եւ տեղեկատւութեան միջոցներու հետ կապերու վարչութենէն:

Շնորհաւորական ուղերձին մէջ ըսուած է.

«Հայաստանի եզտիական համայնքի սիրելի՛ ներկայացուցիչներ, ջերմօրէն կը շնորհաւորեմ ձեզ Նոր տարուայ` Մալաքէ Թաուսի առիթով:

Հայ եւ եզտի ժողովուրդներուն բարեկամութիւնը ունի դարերու պատմութիւն: Ապրելով կողք կողքի` մենք կուտակած ենք համագործակցութեան, եղբայրութեան եւ համատեղ պայքարի հարուստ փորձ: Ներկայ սերունդներու պարտականութիւնն է այդ հարստութիւնը խնամքով փոխանցել յաջորդ սերունդներուն:

Մեր ցաւն ու ուրախութիւնը ընդհանուր են: Եւ այսօր մեծ ոգեւորութեամբ մենք կը  միանանք ձեր ուրախութեան: Թող այս Նոր տարին Հայաստանի եզտիներուն համար ըլլայ խաղաղութեան, երջանկութեան եւ բարեկեցութեան տարի:

Կը մաղթեմ ձեզ նոր ձեռքբերումներ եւ ամենայն բարիք:

Շնորհաւոր Մալաքէ Թաուս»:








All the contents on this site are copyrighted ©.