(Ռատիօ Վատիկան) Հրապարակուեցաւ Ֆրանչիսկոս Պապի , 20 ապրիլ 2017-էն մինչեւ մայիս 31, նախագահելիք սրբազան արարողութիւններուն յայտագիրը։
Յառաջիկայ 20 ապրիլ 2017-ին, Վատիկանի Քոնչիսթորօ դահլիճէն ներս, Ֆրանչիսկոս Պապ կը նախագահէ Սուրբերու դատի հայող կարդինալական վեհաժողովը։ Մինչ՝ 28- 29 ապրիլ 2017-ին, Նորին Սրբութիւնը երկօրեայ հովուական այցելութիւն կը կատարէ Եգիպտոս։
Մայիս ամսուան ընթացքին , կիրակի` 7 մայիս 2017-ին, Զատկուայ Դ-րդ կիրակին, Սրբազան Հայրը Սուրբ Պետրոսի տաճարին մէջ կը նախագահէ սուրբ Պատարագի արարողութեան, որուն ընթացքին քահանայ կը ձեռնադրէ կարգ մը սարկաւագներ։
12-13 մայիս 2017-ին, Ֆրանչիսկոս Պապ առաքելական ճամբորդութիւն կը կատարէ Ֆաթիմա` Տիրամօր երեւումներուն 100-րդ տարեդարձին առիթով։
Մինչ՝ 27 մայիս 2017-ին, Նորին Սրբութիւնը հովուական այցելութիւն կը կատարէ Իտալիոյ Ճենովա քաղաքին։
All the contents on this site are copyrighted ©. |