2017-04-18 10:28:00

Սուրիոյ Քիմիական յարձակումը բեմականացուած էր. Մասնագէտ


ՔԷՅՄՊՐԻՃ, «Ինըթրնեշընըլ Պիզնըս Թայմզ».- Հեղինակաւոր Մեսեչուսեցի արհեստագիտական հիմնարկի (MIT) զէնքերու մասնագէտներէն Թէօտոր Փոսթոլ, մանրամասնօրէն ուսումնասիրելէ ետք Սուրիոյ Իտլիպ նահանգին մէջ տեղի ունեցած քիմիական յարձակումին մասին Սպիտակ տան հրապարակած տուեալները՝ հասած է այն եզրակացութեան, որ յարձակումը բեմականացուած էր։ Մասնագէտը շեշտած է, թէ հակառակ Սպիտակ տան այն պնդումներուն, որ Ապրիլ 4ին տեղի ունեցած յարձակումը կազմակերպուած էր Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի հակակշիռին տակ գտնուող ուժերուն կողմէ, տուեալներուն մէջ ոչ մէկ հաստատ փաստ կայ, թէ Սուրիոյ իշխանութիւնները իրագործած են յարձակումը. ան աւելցուցած է. «Սպիտակ տան կողմէ իբրեւ փաստ օգտագործուող լուսանկարը իրականութեան մէջ կը հաստատէ, որ գործողութիւնը իրականացուած էր յարձակումին թիրախ դարձած շրջանին մէջ գտնուող անձերու կողմէ»։ Ան բացատրած է, թէ քիմիական նիւթեր պարունակած խողովակը չէր կրնար օդանաւէ մը նետուած ըլլալ, այլ, շատ հաւանաբար, գետին դրուած էր եւ ճեղքուած էր՝ ուժգին հարուածի մը իբրեւ հետեւանք։

Այս եզրակացութիւնը աւելի հաւանական կը դարձնէ Դամասկոսի ա՛յն պնդումը, թէ քիմիական նիւթերը գետնի վրայ կը գտնուէին, եւ անոնք տարածուեցան՝ հրթիռէ մը հարուած ստանալէ ետք միայն։

Յիշեցնենք, որ Փոսթոլ, որ նախապէս եղած է պաշտպանութեան նախարարութեան խորհրդական մը, 2013ին Դամասկոսին մէջ տեղի ունեցած քիմիական յարձակումէն ետք պնդած էր, որ Սուրիոյ կառավարութիւնը յարձակումին պատասխանատուն չէր. հաստատում մը, որ աւելի ուշ հաստատուեցաւ ՄԱԿի մասնագէտներուն կողմէ։








All the contents on this site are copyrighted ©.