2017-04-18 12:30:00

Էջմիածին մէջ Յիսուս Քրիստոսի հրաշափառ Յարութեան Տօնին առթիւ հայրապետական Սբ. Պատարագ։


Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, Ապրիլ 17ին, Յիսուս Քրիստոսի հրաշափառ Յարութեան` Սբ. Զատկի տօնին առթիւ, Ամենայն հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Բ  մատուցուած Հայրապետական Սբ. Պատարագ որուն ներկայ գտնուեցան նաեւ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան եւ տիկին Ռիտա Սարգսեան ինչպէս նաեւ Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեան,:

Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց կաթողիկոս Մայր Աթոռէն իր պատգամը յղեց մասնաւորապէս ըսելով․  «Մեր կեանքը արժէք ու բովանդակութիւն կը ստանայ Քրիստոսի մահուան ու Յարութեան խորհուրդի լոյսին տակ: Ապրիլ Քրիստոսով եւ Քրիստոսի համար, ահա այս է փրկարար ուղին մեր կեանքի, հիմքը, պայմանն ու երաշխիքը թէ որպէս անհատ, եւ թէ որպէս հաւաքականութիւն մեր հոգեւոր աճի ու զօրացման, նաեւ` մեր հայրենիքի յառաջընթացին ու զարգացման, աշխարհասփիւռ մեր ժողովուրդի բարօրութեան ու լուսաւոր գալիքին:

«Այսօր բազմաթիւ խնդիրներու առջեւ կանգնած է մեր երկիրը, մեր սահմաններուն վրայ խաղաղութիւնը անկայուն է, տակաւին յաղթահարուած չեն աղքատութիւնն ու գործազրկութիւնը, հրամայական է արտագաղթի կանխումը եւ մեր ժողովուրդի զաւակներուն դարձը դէպի հայրենիք: Յանդիման այս մարտահրաւէրներուն մեր ժողովուրդը ունի վսեմ յատկանիշները հայրենանուիրումի, ազգասիրութեան, ընտանիքի նուիրականութեան, ծնողքի հանդէպ սիրոյ, ունի յանձնառութիւն զոհողութիւններու` յանուն իր սրբազան արժէքներուն. եւ մենք ի զօրու ենք անառիկ պահելու հայրենի սահմանները, բարօր ու բարգաւաճ դարձնելու մեր երկիրը, բացառելու ազգային մեր կեանքէն բոլոր տագնապներն ու ցնցումները:

Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը ժողովուրդին պատգամեց, որ մեր կեանքի ընթացքը, մեր կենսակերպը մեզ ոչ թէ պէտք է ջլատէ, պառակտէ, այլ միաւորէ եւ դարձնէ համախումբ` դիմագրաւելու համար մեր կեանքի մարտահրաւէրներն ու փորձութիւնները եւ լաւատեսութեամբ իրականութիւն դարձնելու ազգային մեր տեսիլքները։








All the contents on this site are copyrighted ©.