2017-04-17 12:01:00

Ֆրանչիսկոս Պապին Ողջ Լեր Թագուհի Մարեմեան աղօթքը «Քրիստոս Յարեաւ. Ալէլուիա»։


(Ռատիօ Վատիկան) Սիրլելի եղբայրներ ու քոյրեր բարի լոյս, աւանդութիւն դարձած այս խօսքերով է որ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, երկուշաբթի 17 ապրիլ 2017-ին, իր գրասենեակի պատուհանէն ողջունեց Մարեմեան Աղօթքի առթիւ Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ համախմբուած հազարաւոր ուխտաւորները եւ նախ քան Ողջ Լեր Թագուհի աղօթքը արտասանելը անոնց ներկայացուց օրուան աւետարանական ընթերցումէն ներշնչուած խորհրդածութիւն մը, հիմնուած` ըստ Լատինաց  Հրեշտակի Երկուշաբթի օրուայ տօնակատարութեան վրայ։

Այս տօնը, ըսաւ Սրբազան Պապը, կը վերահնչեցնէ Յարութեան աւետիսը զոր երէկ հռչակեցինք. «Քրիստոս Յարեաւ. Ալէլուիա», Ան ապա անդրադարձ կատարեց օրուան աւետարանական հատուածին ուր Հրեշտակը, կիներուն որոնք Յիսուսի գերեզմանը եկած էին, կ՛ըսէ. «Առաք` գացէք լուր տուէք իր աշակերտներուն թէ Ան յարութիւն առաւ մեռելներէն»։

Այս «առաք ըրէք ու գացէք» հրամայականը ուղղուած է նաեւ մեզի, ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը, որպէսզի ժամանակակից մարդոց ու կիներուն փոխանցենք յոյսի պատգամը։ Խաչեցեալ Յիսուսի յարութենէն ետք վերջին խօսքը մահուանը չէ` այլ կեանքինը։

Եւ այս եղելութեան զօրութեամբ, որ կը կազմէ պատմութեան ու մոլորակին նորութիւնը, կանչուած ենք ըլլալու նոր այրեր ու կիներ, Սուրբ Հոգւոյն լոյսին ներքոյ, վերահաստատելով կեանքի արժէքը։

Մենք եւս կը դառնանք յարութեան այրեր ու կիներ եթէ աշխարհը յուզող դժուարութիւններուն դիմաց, Աստուծմէ հեռացնող աշխարհիկութեան դիմաց, պիտի կարենանք զօրակցութեան եւ ընկալումի արարքներ իրագործել, ու հրահրել համաշխարհին խաղաղութեան իղձը, ու ձգտիլ  ապականումէ զուրկ միջավայրի մը։

Մարդկային պարզ նշաններ են որոնք սակայն Յարուցեալ Քրիստոսի մէջ հաւատքի միջոցա­ւ­, կարող են մեր կարողութիւններէն վեր արդիւնաւէտութիւն ունենալ, որովհետեւ Քրիստոս կ՛ապրի ու կը գործէ մեր պատմութեան մէջ Սուրբ Հոգիին միջոցաւ, յարեց ապա Քահանայապետը հայցելով Սուրբ Կոյս Մարիամի հովանին, Ան որ լռելեան վկայ մը եղաւ իր որդւոյն` Յիսուսի մահուան ու Յարութեան, օգնէ մեզի ըլլալու Յարուցեալ Քրիստոսի թափանցիկ նշաններ...թող որ մեր Մայրը մեզ օգնէ­, զօրեղ կերպով հաւատալու Յիսուսի Յարութեան, փրկութեան խորհուրդին, ու անոր կարողութեան` փոխակերպելու սրտերն ու կեանքը։

«Սուրբ Կոյսը յատկապէս բարեխօսէ քրիստոնեայ այն հասարակութիւններուն համար որոնք կանչուած են աւելի դժուար ու արի վկայութեան» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը ու խօսքը եզրափակեց հրաւիրելով ներկաները միասնաբար աղօթք բարձրացնելու Աստուածամօր։

Ողջ Լեր Թագուհի Մարեմեան այօթքէն ետք Սրբազան Քահանայապետը խօսքը ուղղելով հրապարակի վրայ գտնուող հաւատացեալներուն մաղթեց որ լաւապէս ապրին Սուրբ Զատիկը յաջորդող ութօրէքը ու այդ շրջանը առիթ հանդիսանայ ըլլալու` Յարուցեալ Տիրոջ խաղաղութեան վկաներ։

Բարի եւ Սուրբ Զատիկ բոլորիդ. Խնդրեմ մի մոռնաք աղօթել ինծի համար ըսաւ ապա Սրբազան Քահանայապետը հրաժեշտ առնելով բոլոր ներկաներէն։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.