2017-04-15 23:30:00

Ֆրանչիսկոս Պապ նախագահեց աւագ շաբաթ օրուայ ճրագալոյցի արարողութեան


(Ռատիօ Վատիկան) Շաբաթ, 15 ապրիլի  2017-ին, Սուրբ Պետրոսի տաճարին մէջ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետ նախագահեց Սուրբ Զատկուայ ճրագալոյցի հսկումի արարողութեան, որուն առթիւ արտասանած քարոզին  սկիզբը, Սրբազան Հայրը մէջբերեց Մատթէոս Աւետարանէն քաղուած հետեւեալ հատուածը ՝՝Շաբաթ գիշեր, երբ միաշաբաթը կը լուսնար՝ Մարիամ Մագդաղենացին եւ միւս Մարիամը, փութացին գերեզմանը տեսնելու՝՝  (Մատթ 28,1)

՝՝Կրնանք երեւակայել այն քայլերը, դէպի գերեզման գացողին  յատկանշական քայլեր, որ կը տատամսի  թէ ամէն ինչ վերջ գտած է այդ ձեւով՝՝ ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը ակնարկելով նաեւ երկու այդ կիներու տժգուն եւ արտասուքով լի դիմագիծերուն, որոնց մէջ կարելի է գտնել բազմաթիւ մայրերու եւ մեծ մայրիկներու դիմագիծերը կամ մանուկներու եւ երիտասարդներու դիմագիծերը, որոնք չեն կրնար հանդուրժել տմարդկային անարդարութեան ցաւին ծանրութիւնը։

Ի տարբերութիւն առաքեալներուն , անոնք (կիները) հոն ներկայ էին,  ինչպէս ներկայ էին Վարդապետին խաչին վրայ առած վերջին շունչին։  Երկու կիներ որոնք կարող են  փախուստ չտալ, կարող են դիմագրաւել կեանքը այնպէս ինչպէս կը ներկայանայ եւ դիմադրել անարդարութիւններուն։

Ահա հոն են՝ գերեզմանին մօտ,   ցաւի եւ  վհատութեան անկարողութեան միջեւ,  ընդունելու որ ամէն ինչ այսպէս վերջ  կը գտնէ ։

Անոնց դիմագիծերուն մէջ ըսաւ Սրբազան Հայրը,  կը տեսնենք  նաեւ հայրենիքէ, օճախէ , ընտանիքէ զուրկ գաղթականներուն դիմագիծերը։  Այս կիներուն դիմագիծերուն մէջ  կան նաեւ քու  եւ իմ դիմագիծս  եւ  անոնց նման մենք եւս կարող ենք մղուած զգալ  ընթանալու, չհամակերպելու այն իրողութեան, որ ամէն ինչ այսպէս՝ վերջ պիտի  գնտէ։

Թէեւ մեր սիրտերը  գիտեն  որ եղելութիւնները կրնան տարբեր ըլլալ,  սակայն  առանց անդրադառնալու կարող ենք վարժ դառնալ կենակցելու  գերեզմանի  դառնութեան հետ։

՝՝Եւ ահա մեծ երկրաշարժ մը եղաւ՝՝, յարեց  Քահանայապետը,  այդ կիները յանկարծակի ցնցուեցան,  բան մը եւ մէկ մը շարժեց իրենց ոտքերուն տակ գտնուող գետինը։  Անգամ մը եւս, մէկ մը. Իրենց մօտ փութաց  եւ անոնց ըսաւ, մի վախնաք, սակայն այս անգամ աւեցնելով, ՝՝Յարութեան առաւ ինչպէս ձեզի ըսած էր ։ (Մատթ 28 ,6)

՝՝Այս է աւետումը, որ սերունդէ սերունդ այս սուրբ գիշերը մեզի կը շնորհէ, մի վախնաք եղբայրներ, յարութիւն առաւ ինչպէս ըսած էր՝՝։ Այդ նոյն կեանքը որ ոչնչացած էր Խաչին վրայ վերստին արթնցաւ ու վերակենդանացաւ։

Քրիստոս իր  Յարութեամբ ոչ միայն գլորեց գերեզմանի քարը, այլ  կ՝ուզէ նաեւ շրջանցել բոլոր պատնէշները, որոնք մեզ կը փակեն մեր յոռետեսութիւններու մէջ, մեր հաշուարկած գաղափարապաշտ աշխարհին մէջ,  որոնք մեզ  կը հեռացնէ  կեանքէն,  ու մեր անծայրածիր ձգտումներուն մէջ,  որոնք կարող են ուրիշներու արժանապատուութիւնը հարուածել։ Աստուած անգամ եւս կու գայ հանդիպելու մեր հետ, հաստատելու եւ ամրապնդելու համար նոր ժամանակ մը, ողորմութեան ժամանակը։

Այս է խոստումը որ յաւերժ վերապահուած էր մեզի, այս է Աստուծոյ անակնկալը  վերապահուած իր հաւատարիմ ժողովուրդին եւ ահա այս գիշեր մեզ կը կանչէ աւետելու թէ ''Քրիստոս կ՝ապրի''։

Այս է , որ փոխել տուաւ  Մարիամ Մագթանեղացիին եւ միւս Մարիամին քայլերը, որոնք քաղաք վերադարձան աւելի արագ հաղորդելու համար լուրը ու զայն բաժնեկցելու ուրիշներուն հետ։

Անոնց նման մենք եւս մտանք գերեզման  եւ անոնց նման հրաւիրուած ենք քաղաք դառնալ բարի լուրը հռչակելու  այն բոլոր վայրերուն մէջ, ուր կարծես  թէ գերեզմանը ունեցաւ վերջին խօսքը, այն վայրերուն մէջ  ուր կարծես թէ մահը միակ  լուծում ըլլար...Երթանք հռչակելու ու բաժնեկցելու ինչպէս նաեւ հաստատելու,  թէ այո շիտակ է , որ Տէրը ճշմարտապէս ողջ է։ Տէրը ողջ է եւ  կ՝ուզէ յարութիւն առնել անթիւ դիմագիծերու մէջ, որոնք իրենց յոյսը թաղած են , թաղած են  իրենց երազներն ու արժանապատուութիւնը։ Եթէ կարող չենք  մենք մեզի թոյլ տալու,  որ Սուրբ Հոգին մեզ առաջնորդէ այս ուղիին վրայ , ուրեմն՝ քրիստոնեաներ չենք ըսաւ Նորին Սրբութիւնը քարոզի աւարտին հրաւիրելով  յառաջ երթալ ու թոյլ տալ զարմանքի մատնուելու  այս տարբեր արշալոյսէն­  այն նորութենէն զոր լոկ՝ Քրիստոս կարող է շնորհել։ Թոյլ տանք որ անոր սրտի տրոփումը փոխակերպէ մեր սրտին տկար զարկերը։  








All the contents on this site are copyrighted ©.