2017-04-14 11:15:00

Ֆրանչիսկոս Պապ. ՝՝Ծառայել կը նշանակէ սէր սերմանել՝՝


(Ռատիօ Վատիկան) Հինգշաբթի 13 ապրիլի երեկոյեան` աւագ հինգշաբթի օրուայ առթիւ,  Ֆրանչիսկոս Պապ այցելեց Ֆրոզինոնէ շրջանի մէջ գտնուող Փալիանօ անուամբ բանտը,  այնտեղ կատարելով աւագ հինգշաբթի օրուայ Վերջին ընթրիքի յիշատակումի եւ ոտնլուայի արարողութիւնները,  լուալով Փալիանօ բանտին  մէջ գնուող 12 կալանաւորներուն ոտքերը՝ որոնց շարքին էին 10 Իտալացիներ, մէկ Արժանթինցի եւ մէկ Ալպանացի։ Ոտնլուայի արարողութեան մասնակցող բանտարկեալներուն երեքը՝ կիներ էին, իսկ մէկը մահմետական, որ յառաջիկայ յունիս ամսուայ ընթացքին պիտի ստանայ սուրբ մկրտութեան խորհուրդը։

Փալիանոյի բանտին մէջ կալանաւորուած են ընդհանրապէս անձինք,  որոնք զղջացած իրենց գործած յանցանքներուն համար այժմ կը համագործակցին արդարադատութեան հետ։ Այնտեղ կը գտնուին 70 բանտարկեալներ։

Այս առթիւ արտասանած քարոզին մէջ Սրբազան Քահանայապետը ներշնչուելով Աւետարանի խօսքերէն ''Աստուած սիրեց իրենները,  որոնք աշխարհի մէջ էին եւ սիրենք զանոնք մինչեւ վերջ'' հատուածը, հաստատեց  թէ Տէրը քաջ գիտէր ,  որ  պիտի մատնուէր, թէ Յուդան   զինք պիտի յանձնէր, սակայն՝ Տէրը մեզ սիրեց մինչեւ վերջ`  եւ իր կեանքը տուաւ իւրաքանչիւրիս համար։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա աւելցուց որ սիրել մինչեւ վերջ՝ դիւրին չէ,  որովհետեւ ամէնքս մեղաւորներ ենք , ամէնքս մեր սահմանափակումները թերութիւններն ունինք ու ընդգծեց թէ ամէնքս սիրել գիտենք , բայց ո՛չ ինչպէս Աստուած կը սիրէ­ որովհետեւ Ամենակալը կը սիրէ առանց նայելու հետեւանքներուն՝ մինչեւ ծայր։

՝՝Եւ Յիսուս այս մէկը ցոյց տալու համար, Ինք որ գերագոյն Պէտն էր՝ Աստուած,  առաքեալներուն ոտքերը լուաց՝՝ ըսաւ Սրբազան Հայրը դիտել տալով թէ  ոտնլուայի արարողութիւնը ֆոլքլորիք հանդիսութիւն մը չէ, այլ՝ Աստուծոյ սիրոյ նշանն է։

Նորին Սրբութիւնը ապա  հրաւիրեց բանտարկեալները, մէկը միւսին օգնել, ծառայել, մէկը միւսի ծառան ըլլալ որ կը համապատասխանէ սիրոյ – ըսաւ Ան յիշելով Աւետարանին դրուագը՝ ուր  առաքեալները կը վիճաբանէին , թէ ո՞վ  էր իրենց մէջ ամենամեծը  եւ Յիսուսի անոնց պատասխանած էր , ՝՝ով որ ձեր մէջ կ՝ուզէ մեծ ըլլալ , պէտք է փոքրիկ դառնայ եւ բոլորին ծառան ըլլայ ՝՝.  

՝՝Աստուած այսպէս ըրաւ  մեր հետ , Ան ծառայ դարձաւ մեզի ծառայելու համար։    Աստուած  բարի է եւ  մեզ կը սիրէ այնպէս ինչպէս ենք՝՝ ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ ապա քարոզը աւարտելով ըսաւ ,  ՝՝Յիսուս Առաքեալներուն ոտքերը լուալէ ետք,  Ան հացն առաւ եւ  մեզի տուաւ Իր մարմինը ,   գինին առաւ եւ մեզի  տուաւ իր արիւնը։  ՝՝Ահա՝ այս է Աստուծոյ սէրը՝՝, ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ հրաւիրելով ներկաները խորհրդածել Աստուծոյ անհուն սիրոյ մասին։








All the contents on this site are copyrighted ©.