2017-04-14 09:28:00

Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքը հանդիսապետեց ոտնլուայի հանդիսաւոր արարողութեան


Հինգշաբթի, 13 ապրիլ 2017-ին, յետմիջօրէի ժամը 4:00-ին, Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Գրիգոր Պետրոս Ի. կաթողիկոս Պատրիարքը հանդիսապետեց ոտնլուայի արարողութեան եւ մատուցեց Ս. պատարագ` Զալքայի Հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ:

«Խորհուրդ խորին» շարականի երգեցողութեամբ եւ Գրիգոր Պետրոս Ի. կաթողիկոս պատրիարքի հանդիսաւոր մուտքով սկսաւ Ոտնլուայի կարգը, որուն ընթացքին ամենապատիւ հոգեւոր տէրը իր պատգամը տուաւ հաւատացեալներուն: Ան ըսաւ, թէ ոչ ոք կրնար երեւակայել, որ Քրիստոս` մեր Տէրը, իր մարմինը եւ արիւնը պիտի տար մեզի  եւ ըսէր. «Ով որ իմ մարմինս պիտի ուտէ եւ արիւնս խմէ, յաւիտեան պիտի ապրի»: Հոգեւոր տէրը ներկայացուց, թէ ինչպէ՛ս Յիսուս ծնաւ, մարդացաւ, երեսուն տարի անշուք կերպով ապրեցաւ, քարոզեց, ճանչցուց մեզի երկնաւոր Հայրը, որ մեր Հայրն է: Երեք տարի շրջեցաւ Պաղեստին բարիք ընելով, հրաշք ընելով, բուժելով, սատանաները վտարելով, մեռելները յարուցանելով, աշակերտներուն ըսելով, որ մարդու Որդին պիտի բռնուի, պիտի չարչարուի, պիտի խաչուի, պիտի մեռնի, պիտի թաղուի, բայց երրորդ օրը յարութիւն պիտի առնէ: Ամենապատիւ հոգեւոր տէրը նշեց, որ Յիսուս Հօր կամքը կատարելու համար Գողգոթայ բարձրանալով խաչուեցաւ եւ ընդունեց, որ մերկացուի, գամուի, խոցուի: Ան ըսաւ, որ Յիսուս վերջին ընթրիքին, հացի եւ գինիի խորհրդանիշներուն ընդմէջէն իր մարմինը եւ արիւնը տուաւ: Ան հոն ձեռնադրեց եւ հաստատեց քահանաները, տասներկու առաքեալներուն տուաւ այդ խորհուրդը:

 

Գրիգոր Պետրոս Ի. կաթողիկոս պատրիարքը յայտնեց, որ քրիստոնէութեան մեծագոյն հարստութիւնն է «կանչել Յիսուսը եւ հաւատացեալներուն տալ», ասկէ աւելի ի՛նչ կրնան բաղձալ քահանաները:

Ան իր խօսքին մէջ ըսաւ, որ քահանաները երջանիկ են, որովհետեւ Աստուած իրենց կանչած է մեծ պատիւին, որովհետեւ զգացած են իրենց մէջ Աստուծոյ կոչումը եւ արժանացած են այլ քրիստոսներ ըլլալու:

Ամենապատիւ հոգեւոր տէրը աղօթեց աշխարհի քահանաներուն, եկեղեցիին եւ քրիստոնեաներուն համար, որոնք այս օրերուն աւելի քան երբեք կը հալածուին, ապա եզրափակեց իր խօսքը ըսելով. «Սուրբ ենք, որովհետեւ Քրիստոս մեզի կը սրբացնէ: Հաւատացեալները կոչուած են սրբանալու ինչպէս իրենց Հայրը: Մենք զիրար կը սրբացնենք Քրիստոսի հրաշքով եւ շնորհքով: Մենք իրարու պատասխանատու ենք: Սիրելի՛ հաւատացեալներ, գիտակից ըլլանք այսօր, որ Քրիստոս մեզի կու տայ յաւիտենական ուխտը իր մարմնին եւ արեան: Խնդրենք իրմէ յաւիտենական ուխտը, խնդրենք հաւատարմութեան եւ սրբութեան շնորհքը: Գիտակից ըլլանք, որ եկեղեցի կու գանք Յիսուսը ապրելու, սրբանալու եւ յաւիտենապէս իրեն հետ ըլլալու, որովհետեւ կեանքը իսկապէս դժուար է եւ առանց Իրեն ոչինչ կրնանք ընել»:

Սուրբգրային ընթերցումներէն ետք եւ օրուան խորհուրդին նուիրուած շարականներու երգեցողութեամբ ամենապատիւ հոգեւոր տէրը օրհնեց ջուրը, այնուհետեւ Յիսուս Քրիստոսի օրինակով լուաց  տասներկու մանուկներուն ոտքերը:

Ոտնլուայի արարողութենէն ետք պատարագը շարունակուեցաւ, եւ բոլոր հաւատացեալները հաղորդուեցան Քրիստոսի մարմինով ու արիւնով:

Յաւարտ պատարագին Ոտնլուայի կարգին մասնակցող տասներկու մանուկները ամենապատիւ հոգեւոր տիրոջմէ ստացան յիշատակի նուէրներ եւ օրհնութիւն:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.