2017-04-14 20:00:00

Աստուծոյ յաւիտենական սէրը միշտ յաղթական է. Ֆրանչիսկոս Պապին թուիթը։


(Ռատիօ Վատիկան) ''Ով Քրիստոսի Խաչ, սորվեցուր մեզի թէ արեւին արշալոյսը աւելի զօրեղ է քան գիշերուան մթութիւնը եւ թէ Աստուծոյ յաւիտենական սէրը միշտ յաղթական է''. Այս եղաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին ուրբաթ 14 ապրիլին, աւագ ուրբաթ օրուան առթիւ հրապարակած թուիթը­, որուն մէջ Սրբազան Քահանայապետը աղօթք բարձրացուց առ Աստուած Անորմէ հայցելով շնորհքը հասկնալու Անոր անհուն սիրոյ զօրութիւնը որ լոյս եւ յոյս կը պարգեւէ մեր համայն կեանքին։








All the contents on this site are copyrighted ©.