2017-04-14 09:32:00

«Սէրը հիմքն ու էութիւնն է Քրիստոնէական հաւատքին» շեշտեց Արամ Ա. Կաթողիկոս


Հայ եկեղեցւոյ ծիսակատարութեան ամէնէն հարուստ ու խորհրդաւոր օրերէն մէկն է Քրիստոսի տնօրինական կեանքի վերջին հինգշաբթին` Աւագ հինգշաբթին: Այս օրը Ս. պատարագի եւ Հաղորդութեան խորհուրդի հաստատման, Ոտնլուայի, Քրիստոսի մատնութեան, ձերբակալութեան ու խաչելութեան յիշատակումի օրն է:

Դարերէն մեզի եկող աւանդութեան համաձայն, Աւագ հինգշաբթի` 13 ապրիլ 2017-ի առաւօտուն, Անթիլիասի մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ Հաղորդութեան սուրբ եւ անմահ պատարագ:

Նոյն օրը յետմիջօրէի ժամը 4:00-ին` նախագահութեամբ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին տեղի ունեցաւ Ոտնլուայի հոգեպարար արարողութիւնը, որ քրիստոնէական կեանքին մէջ խոնարհութեան ու հեզութեան մեծագոյն խորհուրդն ու օրինակը կը բովանդակէ իր մէջ:

Վեհափառ հայրապետը, Քրիստոսի օրինակով, ղենջակ կապած, 12 առաքեալները խորհրդանշող 12 դպրեվանեցիներու ոտքերը լուալէ ետք, իր հայրապետական պատգամին մէջ շեշտեց սիրոյ, համերաշխութեան, խաղաղութեան ու խոնարհութեան անհրաժեշտութիւնը: Վեհափառ հայրապետը իր պատգամին մէջ ըսաւ. «Եթէ ուզենք քրիստոնէութիւնը մէկ բառի մէջ խտացնել կամ փորձել Աստուածաշունչը մէկ բառով արտայայտել, ուրիշ բան չի կրնար ըլլալ, եթէ ոչ սէր բառը: Մեր հաւատքի բոլոր արտայայտութիւնները, Աստուածաշունչէն սկսեալ մինչեւ մեր եկեղեցւոյ ծէսն ու խորհուրդները, իբրեւ հիմք նպատակ ունին սէրը»: Վեհափառ հայրապետը իր խօսքը շարունակելով ընդգծեց մարդուն հանդէպ Աստուծոյ ունեցած անսահման սէրը` յայտնելով, թէ մարդուն հետ Աստուծոյ ունեցած յարաբերութիւնը սիրոյ վրայ հիմնուած է: Վեհափառ հայրապետը իր պատգամը աւարտեց` կոչ ուղղելով հաւատացեալ ժողովուրդին առաջնորդուելու Քրիստոսի սիրոյ օրինակով:

Երեկոյեան ժամը 7:00-ին հաւատացեալներու հոծ բազմութեան ներկայութեան տեղի ունեցաւ Քրիստոսի մատնութիւնը, չարչարանքները եւ խաչելութիւնը խորհրդանշող արարողութիւնը, որ հայ եկեղեցւոյ ամէնէն հոգեպարար եւ յուզիչ արարողութիւնն է` «Խաւարման գիշեր»-ը:

Արարողութեանց աւարտին, Արամ Ա. կաթողիկոս պահպանիչ աղօթքով ու Քրիստոսի կենարար Ս. խաչի օրհնութեամբ, հաւատացեալներ Աւագ հինգշաբթիի խորհուրդով վերանորոգուած, ուշ գիշերին մեկնեցան Անթիլիասի մայրավանքէն:








All the contents on this site are copyrighted ©.