2017-04-13 10:27:00

Ֆրանչիսկոս Պապ գլխաւորեց Աւագ Հինգշաբթի օրուայ Պատարագի արարողութիւնը։


(Ռատիօ Վատիկան) Հինգշաբթի, 13 ապրիլ 2017-ին՝ Աւագ Հինգշաբթի է, այս օր կը նշուի քահանաներուն տօնը ու յատկապէս Յիսուսին աշակերտներուն հետ ունեցած վերջին ընթրիքի ու ոտնլուայի յիշատակումը։ Այս առթիւ Սրբազան Քահանայապետը  առաւօտեան 9.30-ին, Սուրբ Պետրոսի մայր տաճարին մէջ, Եպիսկոպոսական դասի  ու բազմաթիւ Քահանաներու ներկայութեամբ, գլխաւորեց Սուրբ Իւղերու օրհնութեան Պատարագի արարողութիւնը որուն ընթացքին արտասանած քարոզին սկիզբը մէջբերեց Ղուկաս Աւետարանիչէն քաղուած հետեւեալ խօսքերը, ''Տիրոջ հոգին իմ վրաս է  որովհետեւ օծեց զիս եւ ղրկեց` քարոզելու Աւետարանը աղքատներուն. Գերիներուն` աւետելու ազատութիւն, կոյրերուն` աչքի լոյս, հարստահարուածներուն` ազատութիւն''։

Տէրը` օծուած Սուրբ Հոգիէն Աւետարանը կը քարոզէ աղքատներուն – ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը­ աւելցնելով թէ ''ամէն ինչ որ Յիսուս կը հռչակէ­, ու մենք եւս կը հռչակենք անոր նման, բարի լուր է''։

Այն որ օծուեցաւ  ներումի իւղով, օծուեցաւ առաքելութեան իւղով ուրիշները օծելու համար Յիսուսի հաւասար է։ Քահանան որ կը քարոզէ – կարելիին չափ հակիրճ – զայն կ՛ընէ սրտերուն դպչող ուրախութեամբ - յարեց ապա Սրբազան Քահանայապետը ու խօսքը կեդրոնացուց Բարի Աւետիսի իմաստին վրայ։  

Բարի աւետիսը Աւետարանի թանկագին մարգարիտն է - ըսաւ Ան - Բարի Աւետիսը իր մը չէ այլ առաքելութիւն։ Բարի աւետիսը ծնունդ կ՛առնէ օծումէն եւ քահանայական առաջին օծումը տեղի ունեցաւ Մարիամի արգանդին մէջ Սուրբ Հոգիին միջոցաւ։ Բարի Աւետիսը` որ մէկ խօսքով Աւետարանն է, հռչակուելու ընթացքին կը դառնայ ուրախութիւն եւ ողորմած ճշմարտութիւն։

''Ոչ մէկը թող փորձէ Աւետարանի երեք շնորհքները բաժնել իրարմէ` անոր անբանակցելի ճշմարտութիւնը, անոր ողորմութիւնը` վերապահուած անխտիր բոլոր մեղաւորներուն եւ անոր ուրախութիւնը` ներքին եւ ներառող'' – ըսաւ ապա Սրբազան Պապը ու ներկայացուց աւետարանի ուրախութեան երեք յատկանշական պատկերներ որոնցմէ առաջինը եղաւ ''Կանայի հարսանիքի'' եղելութիւնը ուր Յիսուս կը հրամայէ ծառաներուն քարէ թակոյկները լեցնել ջուրով։ Սրբազան Հայրը այս առընչութեամբ յայտնեց թէ Սուրբ Կոյս Մարիամը` Հօր Աստուծոյ խոնարհ ծառան­, կը ներկայացնէ լիութեան վարակող նոր տիկը։ Ան որ հազիւ յղացած Սուրբ Հոգիէն` գնաց այցելելու իր ազգականը։ Անոր վարակող լիութիւնը մեզի թոյլ կու տայ յաղթահարելու վախի փորձութիւնը եւ ընթանալ դէպի ուրիշները անոնց նուիրելու եւ վարակելու մեր ուրախութեամբ։

Երկրորդ պատկերը Սամարացի կնոջ գլխուն վրայ շալկուած կուժն է` որ կը ներկայացնէ հիմնական հարց մը։ Տէրը որ կենդանի ջուրի աղբիւր է, միջոց մը չունէր ջուրը քաշելու ջրհորէն ու Սամարացին անոր տուաւ ջուր` յագեցնելու համար անոր ծարաւը։ Սակայն աւելիով յագեցուց Զինք երբ խոստովանեցաւ իր մեղքերը ու այդ մեղքերու ներումէն ետք Հոգին շարժեց Սամարացիի հոգին ու անոր ողորմութիւնը զեղուց գիւղի բոլոր բնակչիներուն վրայ։

Տիրոջ ներառող այլ տիկի մը յատկանիշը եղաւ Քալքութայի Մայր Թերեզան ըսաւ ապա Սրբազան Քահանայապետը ակնարկելով թէ ինչպէս Տէրը կոչեց Մայր Թերեզան անոր ըսելով ''ծարաւի եմ, եկուր փոքրիկս, զիս տար աղքատներուն մօտ. Եկուր` եղիր իմ լոյսս։ Մինակս չեմ կրնար երթալ այնտեղ։ Զիս չեն ճանչնար, եւ ասոր համար զիս կը մերժեն''։ Եւ ան իր ժպիտով եւ վէրքերը խնամող իր ձեռքերով բոլորին տարաւ բարի աւետիսը։

Երրորդ պատկերը Յիսուսի խոցուած սիրտն է - ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը հրաւիրելով  Անորմէ սորվիլ  թէ ուրախութիւնն աւետելը անոնց որոնք ամենայետին աղքատութեան մէջ են կարելի չէ ընել եթէ ոչ յարգանքով եւ հեզութեամբ մինչեւ նուաստացում։ Աւետարանումը ինքնահաւանութիւն չի կրնար ըլլալ - հաստատեց Սրբազան Պապը ընդգծելով նաեւ թէ չի կրնար բիրտ ըլլալ ճշմարտութեան ամբողջականութիւնը։ Հոգին կը հռչակէ եւ կ՛ուսուցանէ բոլոր ճշմարտութիւնը, ան մեզի կը յորդորէ ի՞նչ ըսել մեր հակառակորդներուն ու կը լուսաւորէ մեր քայլերը - դիտել տուաւ Ֆրանչիսկոս Պապ ու քարոզի աւարտին խօսքը ուղղելով ներկայ արարողութեան մասնակցող քահանաներուն ըսաւ.

Սիրելի քահանաներ, թող որ խմելով այս երեք նոր տիկերու ջուրէն, բարի աւետիսը մեր մէջ գտնէ Տիրամօր վարակիչ լիութիւնը, Սամարացի կնոջ ներառող աւետիսի շօշափելիութիւնը ու Սուրբ Հոգիին խոնարհ ամբողջականութիւնը որ կը բխի եւ կը զեղու մշտապէս Յիսուսի` մեր Տիրոջ խոցուած սրտէն։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.