2017-04-13 11:40:00

Ֆրանչիսկոս Պապ. ''Բռնութիւնը դարման մը չէ մեր յօշոտուած աշխարհին համար''։


(Ռատիօ Վատիկան) Հինգշաբթի` 13 ապրիլ 2017-ի յետմիջօրէի 3-ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ինքնաշարժով կը մեկնի Վատիկանէն եւ կ՛ուղղուի Հռոմի մօտակայքը գտնուող ''Ֆրոզինոնէ'' քաղաքի Փալիանօ անուամբ բանտը, ուր նախատեսուած է կալանաւորներուն հետ հանդիպում հուսկ Յիսուսի վերջին ընթրիքի յիշատակումի եւ ոտնլուայի արարողութիւնը, որուն ընթացքին Սրբազան Քահանայապետը, կրկնելով մեր Տիորջ Յիսուս Քրիստոսի ժեսթը կը լուայ 12 բանտարկեալներու  ոտքերը։ Սոյն այցելութիւն ունի ''առանձնական'' բնոյթ։

Այս առընչութեամբ` հինգշաբթի 13 ապրիլին,  լոյս տեսաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին Իտալական  ''La Repubblica'' օրաթերթին շնորհած մէկ հարցազրոյցը, որուն մէջ Քահանայապետը կը յայտնէ թէ ինք բանտերը կ՛այցելէ որովհետեւ Աւետարանին մէջ գրուած է ''բանտին մէջն էի եւ այցելեցիք զիս''։

''Յիսուսի պատգամն է սա ուղղուած մեզմէ իւրաքանչիւրիս ու առ աւելիով Եպիսկոպոսին որ է բոլորին Հայրը'' – ըսած է Սրբազան Քահանայապետը որ ակնարկելով` համաշխարհային լարուածութեան իրականութեան ծիրէն ներս  Սուրբ Զատկուայ տօնին պատրաստութեան խաղաղութեան ի սպաս կոչ մը ուղղած է դատապարտելով զէնքի վաճառողները, որոնք, ըսած է Սրբազան Պապը, շահեր կը դիզեն մարդոց եւ կիներու արիւնով։

Նորին Սրբութիւնը ապա մէջբերած է Յիսուսին խօսքերը ''ով որ առանց մեղքի է թող առաջին քարը նետէ'' ու հաստատած է թէ եթէ ամէն մին նայի իր սրտին խորքին մէջ ու տեսնէ իր սխալները այդ սիրտը կը դառնայ աւելի մարդկային։

Այս առընչութեան Ֆրանչիսկոս Պապ վերահաստատած է թէ ինք եւս մեղաւոր մըն է ու ակնարկած է Քահանայապետական զինանշանին որ կը կրէ Սուրբ Մատթէոսի կոչումին խօսքերը ''Նայեցաւ անոր սիրոյ կարեկցութեան զգացումով եւ ընտրեց զինք''։ Այս` ըսած է Սրբազան Քահանայապետը, պարզ կարգախօս մը չէ այլ իմ կեանքը առաջնորդող աստղը։ Անոր մէջ պարունակուած է Աստուծոյ խորհուրդը որ պատրաստ է իր վրայ կրելու աշխարհին չարիքը, մարդ արարածին ցոյց տալու համար իր սէրը անոր նկատմամբ։

Հարցազրոյցի ընթացքին Սրբազան Քահանայապետը խօսած է նաեւ ''բացառուածներու'' մասին հաստատելով թէ Եկեղեցւոյ  առաքելութիւնը մօտիկ ըլլալ ու նեցուկ կանգնիլ է անոնց, որովհետեւ Յիսուս կրօնական ու ընկերային խտրականութիւններու դիմաց ազատութիւն եւ կենդանութիւն կը շնորհէ։ Յիսուսին սիրտը անոնց համար է, բացառուածներուն համար, ու Եկեղեցին հետեւելու է իր Վարդապետին, որպէսզի ամէն անհատ հոգեկան ու մարմնական բուժում ստանայ ու վերագտնէ Աստուծոյ զաւկի իր արժանապատուութիւնը։

Քահանայապետը ապա ակնարկած է պատերազմին ու մահ ու սարսափ սերմանող զէնքերուն հաստատելով թէ այսօր մեղքը կը յայտնուի կործանիչ պատերազմներու ընդմէջէն որուն զոհերն են անմեղ մարդիկը ապա հաստատած է թէ բռնութիւնը դարման մը չէ մեր յօշոտուած աշխարհին համար. որովհետեւ ան միայն մահ ու աւեր կը գործէ։








All the contents on this site are copyrighted ©.