2017-04-12 08:59:00

Անթիլիասի մայր տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ տասը Կուսանաց յիշատակի ժամերգութիւնը։


Աւագ Երեքշաբթի օրուան ընթացքին հայ եկեղեցին կը շարունակէ նշել Յիսուսի Քրիստոսի գալստեան խորհուրդը, որուն նուիրուած են օրուան աստուածաշնչական ընթերցումներն ու շարականները: 11 Ապրիլ 2017-ի երեկոյեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ Աւագ երեքշաբթի օրուան յատուկ «Տասը կուսանաց» յիշատակի Երեկոյեան ժամերգութիւնը: Մատթէոսի աւետարանի 24-րդ գլխուն մէջ պատմուած «Տասը կոյսերու» առակը, ուրկէ առնուած է ժամերգութեան անունը, կո՛չ մըն է քրիստոնեաներուն պատրաստ վիճակի մէջ ըլլալու Յիսուսի երկրորդ գալուստը դիմաւորելու:

Աւետարանական ընթերցումի ընթացքին մայրավանքի Կիրակնօրեայ վարժարանի տասը աշակերտուհիներ առաջնորդուեցան մայր տաճարին դասը` իրենց ձեռքին ունենալով լապտերներ: Առակին մէջ փեսային գալուստը նկարագրող բաժինի ընթերցանութեան ընթացքին, աշակերտուհիներէն հինգը մարեցին իրենց լապտերներուն մոմերը` իբրեւ խորհրդանիշ անպատրաստ եւ յիմար կոյսերուն: Իսկ միւս հինգը վառ պահեցին իրենց մոմերը` իբրեւ խորհրդանիշ իմաստուն կոյսերուն, որոնք պատրաստ էին փեսային գալստեան: Առակը յիշեցում մըն է, որ քրիստոնեաները պարտին իրենց կեանքերը ապրիլ աւետարանական ճշմարտութեանց գիտակցութեամբ եւ իրենք զիրենք պատրաստել Տիրոջ դատաստանին առջեւ կանգնելու:

Եկեղեցական արարողութեան աւարտին, մայր տաճարի փոխլուսարարապետ Լեւոն աբղյ. Եղիայեանի առաջնորդութեամբ, «Տասը կոյսերը» եւ իրենց ծնողները բարձրացան վեհարան, ուր Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը ընդունեց եւ օրհնեց զիրենք: Վեհափառ հայրապետը խօսելով օրուան խորհուրդին մասին իր հայրական թելադրութիւնները կատարեց: Ան նաեւ յիշեցուց հայ եկեղեցւոյ, ինչպէս նաեւ աւանդութիւններուն կառչած մնալու կարեւորութիւնը: Աւարտին, վեհափառ հայրապետը իւրաքանչիւր աշակերտուհիի օրհնուած խաչ մը նուիրեց:








All the contents on this site are copyrighted ©.