2017-04-12 13:23:00

20 եւ 21-րդ դարերու նահատակներուն նուիրուած ծիսակատարութիւն Ֆրանչիսկոս Պապին նախագահութեամբ։


(Ռատիօ Վատիկան) Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի տնօրէն Տիար Կրէկ Պուրք յայտարարութիւն մը հրապարակեց որուն մէջ նշուած է թէ յառաջիկայ 22 ապրիլ 2017-ի յետմիջօրէի 5-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը յատուկ այցելութիւն պիտի կատարէ Հռոմի մէջ գտնուող ''Թիպերինա կղզիի'' Սուրբ Բարթողոմէոս պազիլիքային, Աանդ էճիտիոյ հասարակութեան հետ միասին յիշատակելու համար 20-րդ եւ 21-րդ դարերու ''Նոր Մարտիրոսներուն'' յիշատակը։

Այս առընչութեամբ Սանդ Էճիտիոյ հասարակութիւնը եւս հրապարակեց այլ հաղորդագրութիւն մը որուն մէջ յայտնեց իր ուրախութիւնը Քահանայապետին Սուրբ Բարթողոմէոս պազիլիքայի այցելութեան ի լուր, հաստատելով թէ Սրբազան Քահանայապետին աղօթքը` 2000 Յոբելեանի մէկ վայրին մէջ որ Սուրբ Յովհանէս Պօղոս Բ Քահանայապետի խնդրանքով կը պահպանէ ժամանակակից նահատակներու յիշատակները, յատուկ արժէք մը կը ստանայ` Սուրբ Զատկուայ լոյսին տակ, ժամանակահատուածի մը ընթացքին որ յատկանշուած է բազմաթիւ քրիստոնեաներու տառապանքով։

Յայտնենք թէ Սուրբ Բարթողոմէոս Պազիլիքայի տիտղոսաւոր կարդինալներէն մին եղած է երջանկայիշատակ Կարդինալ Աղաճանեանը իսկ այդտեղ պահպանուած մարտիրոսներու յիշատակներու շարքին են նաեւ` Հայոց Ցեղասպանութեան մարտիրոսներու յիշատակները։

Նշենք թէ վերոնշեալ լուրին հրապարակումը կը զուգադիպի Ֆրանչիսկոս Պապին 2015-ի ապրիլ 12-ին հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակին առթիւ նախագահած Սուրբ Պատարագի 2-րդ տարեդարձին օրուան։








All the contents on this site are copyrighted ©.