2017-04-11 08:36:00

Եգիպտոսի մէջ արտակարգ դրութիւն հաստատուեցաւ՝ եկեղեցիներու վրայ յարձակումներէն ետք։


Երկուշաբթի, Ապրիլ 10ին, Եգիպտոսի իշխանութիւնները եռամսեայ արտակարգ դրութիւն հաստատեցին երկրի տարածքին՝ հակադարձելով մէկ օր առաջ տեղի ունեցած ահաբեկչական գործողութիւններուն։

Արդարեւ, Ծաղկազարդի տօնին ընթացքին ականահարուեցաւ Եգիպտոսի մայրաքաղաք Գահիրէի հիւսիսը գտնուող Թանթա շրջանի ղպտիներու Ս. Գէորգ եկեղեցին, որմէ ետք նաեւ ականահարուեցաւ Աղեքսանդրիոյ մէջ ղպտիներու Ս. Մարկոս եկեղեցին: Երրորդ ականահարում մը տեղի ունեցաւ Թանթայի մէջ ոստիկանութեան մարզումի կեդրոնի մը մօտ, իսկ Թանթայի մէջ «Պատաուի» մզկիթին մօտ ական մը չէզոքացուեցաւ:

Թանթայի մէջ արձանագրուեցաւ 28 զոհ, իսկ եգիպտական լրատուամիջոցներ նշեցին, որ վիրաւորներուն թիւը կը հասնի 50ի: Ըստ եգիպտական պատկերասփիւռի կայանին՝ Թանթայի եկեղեցւոյ ականը զետեղուած էր եկեղեցւոյ մէջ հաւատացեալներուն յատկացուած աթոռներուն առաջին շարքին վրայ: Հարիւրաւոր ղպտիներ եկեղեցւոյ շուրջ ցոյց կատարեցին՝ պահանջելով պատժել ահաբեկիչները:

Իսկ Եգիպտոսի առողջապահութեան նախարարութեան համաձայն՝ Աղեքսանդրիոյ Ս. Մարկոս եկեղեցւոյ պայթումին պատճառով արձանագրուեցաւ 17 զոհ եւ 36 վիրաւոր: Եգիպտոսի ներքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդեց, որ ականուած գօտի կրող ահաբեկիչ մը, դէպի եկեղեցի իր մուտքը կանխարգիլած ապահովական ուժերուն քով ինքզինք պայթեցուցած է:

«Իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական կազմակերպութիւնը ստանձնեց երկու եկեղեցիներուն ականահարման պատասխանատուութիւնը, միաժամանակ խոստանալով յաւելեալ յարձակումներ սանձազերծել Եգիպտոսի ղպտիներուն դէմ:








All the contents on this site are copyrighted ©.