2017-04-11 08:22:00

2017-ի Ճանապարհ Խաչի արարողութեան խորհրդածութիւնները ''Աւետարանի կիներուն հետ'':


(Ռատիօ Վատիկան) Յառաջիկայ ուրբաթ 14 ապրիլի երեկոյեան, Հռոմի ''Քոլլոսէում'' ամփիթատրոնի մէջ, Ֆրանչիսկոս Պապին նախագահելիք աւագ ուրբաթ գիշերուայ Ճանապարհ Խաչի արարողութեան այս տարուայ 14 կայաններու  խորհրդածութիւնները պատրաստած է Աստուածաշունչի մասնագէտ Փրոֆ` Ան Մարի Փելլեթիէի որ ինչպէս յայտնած է Ռատիովատիկանի հետ ունեցած զրոյցի ընթացքին ուզած է տարբեր անկիւնէ ներկայացնել այդ կայանները շեշտը դնելով Յիսուսին դէպի Գողգոթայ տանող ճանապարհի յատուկ հանգրուաններուն վրայ` Պետրոսի ուրացումը, Քրիստոսի տառապանքը որ այսօր եւս կը տեսնենք այրերու ու կիներու եւ նոյնիսկ բռնաբարուած, չարաշահուած, հարստահարուած ու սպաննուած մանուկներուն մէջ, շաբաթ օրուայ լրութիւնը...եւայլն։

Տիկին Փելլեթիէն ուզած է ապա յատուկ տեղ ապահովել Խաչի Ճանապարհի վրայ ընթացող կիներուն` ու այս ծիրէն ներս մատնանշած է Սիենացի Կատարինէ Սրբուհիին ինչպէս Նաեւ Էթթի Հիլլէսումին։

Տիկին Փելլեթիէ յայտնած է ապա թէ խորհրդածութիւններու շարադրումին համար ներշնչուած է իր հաւատացեալի անձնական կեանքի ու հաւատքի պայքարի փորձառութենէն։

''Երբ կը գտնուինք Յիսուսի այդ ծայրայեղ չարչարանքներու դիմաց մեզմէ իւրաքանչիւրը դժուարութիւն ունի մտնելու գրութիւններու այդ խորհուրդին մէջ'' ըսած է Տիկին Փելլեթիէն յայտնելով թէ ինք փնտռած է Քրիստոսի չարչարանքներու մարդկային կողմը։

''Կը գտնուինք մեծ յարակարծութեան դիմաց որովհետեւ մեր աչքերուն կը ներկայանայ ձախողութեան մը իրականութիւնը, տառապանքի յաղթանակը, մահուան թագաւորութիւնը։ Սակայն որպէս քրիստոնեաներ մղուած ենք այդ բոլորին մէջ տեսնելու Աստուծոյ յաղթանակը մեղքին, բռնութեան ու մահուան վրայ։  Արդարեւ Սէրը որ կը բխի Աստուծմէ ամէն ինչ կը յաղթէ ու քրիստոնեաներուս պարտականութիւնը այսօր այս մէկը վկայելն է'' ըսած է Տիկին Փելլեթիէն որ ճանապարհ խաչի վերջին հանգրուանը` 14-րդը, նուիրած է կիներու քաջութեան որ նոյնիսկ Յիսուսի մահուան փորձութեան դիմաց կը շարունակեն յառաջ ընդանալ կեանքին մէջ, ինչ որ կը հակազդէ Եմմաւուսի աշակերտներու վարուելակերպին, որոնք յուսահատ ու անորոշ վիճակի մէջ կը գտնուէին, մինչ կիները գործի լուծուած` անուշաբոյր իւղեր կը պատրաստեն Յիսուսի մարմինը օծելու համար,եւ ասոր համար պատրաստակամ էին ընդունելու Յարութեան անակնկալ պատգամը'' ըսած է Տիկին Փելլեթիէ։








All the contents on this site are copyrighted ©.