2017-04-10 12:00:00

Ֆրանչիսկոս Պապ ՝՝Արհեստագիտութիւններն ու գիտութիւնները մարդու ծառայութեան ի սպաս՝՝


(Ռատիօ Վատիկան) Երկուշաբթի, 10 ապրիլ 2017-ին, Վատիկանի Մէջ Ֆրանչիսկոս Պապը ընդունեց Իտալիոյ նախարարաց խորհուրդի՝ կեանքի, կենսապահպանութեան, կենսագիտական, եւ գիտութիւններուն, կոմիտէին անդամները, որոնք այս տարի կը նշեն կառավարական գիտական յիշեալ կոմէտէի  հիմնադրութեան 25-րդ ամեակը։

Սրբազան Հայրը  իր արտասանած  ողջոյնի խօսքին մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց կոմիտէի անդամներուն  իրենց կատարած աշխատանքներուն համար, որոնք կը     քննարկեն   ժամանակակից մարդուն համար  յոյժ կարեւոր նիւթեր  ու հարցեր՝ ըլլայ որպէս անհատ, ըլլայ ընկերային եւ յարաբերական ծաւալէն ներս, սկսեալ ընտանիքէն, հասնելով մինչեւ տեղական , ազգային ու միջազգային ծաւալ ՝ի սպաս արարչագործութեան խնամքին ։

Սրբազան Հայրը մէջբերելով  Ծննդոց գիրքէն  ՝՝Աստուած մարդը առաւ եւ զետեղեց եդեմի պարտէզին մէջ,   որպէսզի մարդը  զայն մշակէ եւ պահապանէ՝՝ հատուածը ՝ (Ծննդ 2.15) շեշտը դրաւ մշակելու կարեւորութեան վրայ, ակնարկելով նաեւ աշխարհի պարտէզի պահպանումին, ինչպէս  Ինք նշած է  ՝՝Գովեալ Ըլլաս>> շրջաբերականին մէջ։ ՝՝ մինչ մշակել կը նշանակէ հերկել, աշխատիլ հողը, պահպանել  կը նշանակէ պաշտպանել խնամել եւ  հսկել՝՝ ։

 

Սրբազան Հայրը ներկաներուն ուշադրութեան յանձնեց , որ անոնց պարտականութիւնը  չկայանար լոկ  ներդաշնակ եւ համապարփակ զարգացումի աճումին մէջ՝,   գիտական  եւ արհեստագիտական ոոլորտներէն ներս, հայող , բուսական  կենդդաբանական եւ մարդկային  կենսաբանական գործընթացներուն ,այլ  անոնցմէ կը խնդրուի յատկապէս կանխարգիլել բնութեան բացասական հետեւանքները։

Ֆրանչիսկոս Պապ շեշտը դրաւ  գիտնականներու  եւ արհեստավարժներու  պատասխանատուութեան վրայ,  յարելով  թէ արհեստագիտութիւնները, ինչպէս նաեւ գիտութիւնները, մարդուն ձեռքերուն մէջ կը դնեն մեծ եւ  ծաւալուն իշխանութիւն   զգուշացնելով անոնց սխալ գործածութենէն։ Ան անդրադարձաւ նաեւ արհեստագիտութեան եւ տնտեսական իշխանութիւններու մասին  յայտնելով, թէ յիշեալ երկու իշխանութիւնները երբ իրարու հետ զօդուած ըլլան կրնան պայմանաւորել կեանքի վարուելակերպերը եւ  ընկերային ուղղութիւնները՝ որոնք կը տանին   դէպի կարգ  մը վաճառական  խումբերու շահերուն, ի վնաս աւելի աղքատ ժողովուրդներու եւ ազգերուն։

Ֆրանչիսկոս Պապ ճառի աւարտին յիշեց թէ գիտութիւնները ու արհեստագիտութիւնները եղած են ծառայելու մարդուն եւ աշխարհին, եւ ոչ թէ մարդն ու աշխարհը ծառայելու են գիտութիւններուն եւ արհեստագիտութիւններուն։  Անոնք պէտք են ըլլան արաժանավայել  եւ առողջ կեանքի ծառայութեան ի սպաս՝ ներկայիս  եւ ապագային մէջ, ինչպէս նաեւ ծառայելու են մեր հասարակաց տունը վերածելու աւելի  բնակելի , մատչելի ու  աւելի   խնամուած վայր – ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը եզրափակելով խօսքը։








All the contents on this site are copyrighted ©.