Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ` 9 ապրիլին ցաւակցական հեռագիր յղած է Եգիպտոսի նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսիի` Եգիպտոսի տարբեր շրջաններուն մէջ գտնուող ղպտիներու Ս. Գէորգ եւ Ս. Մարկոս եկեղեցիներուն մէջ տեղի ունեցած ահաբեկչական պայթումներուն առիթով, որոնք տասնեակ անմեղներու մահուան պատճառ դարձան:
«Հայաստան խստօրէն կը դատապարտէ այդ անմարդկային արարքները եւ իր զօրակցութիւնը կը վերահաստատէ բարեկամ Եգիպտոսին` ահաբեկչութեան դէմ անոր մղած պայքարին մէջ: Եգիպտոսի համար այս դժուար պահուն իմ անկեղծ ցաւակցութիւնս կը յայտնեմ ձեզի, Եգիպտոսի բարեկամ ժողովուրդին եւ զոհուածներու ընտանիքներուն` մաղթելով ուժ եւ տոկունութիւն, իսկ վիրաւորներուն` շուտափոյթ ապաքինում», գրուած է նախագահին ցաւակցագիրին մէջ:
All the contents on this site are copyrighted ©. |