2017-04-07 10:49:00

«Աւրորա»-ի առաջին դափնեկիրը պիտի յայտնուի հայկական նամականիշի վրայ


«Հայփոստ»-ը Մայիսին պիտի թողարկէ նոր նամականիշ` «Աւրորա» մարդասիրական նախաձեռնութեան հետ համագործակցութեամբ:

Նամականիշին  վրայ պատկերուած պիտի ըլլայ Մարգարիտ Պարանկիցէն` «Աւրորա» մրցանակի առաջին դափնեկիրը: Նամականիշին թողարկման հաւանութիւնը տուած է Հայաստանի փոխադրամիջոցներու, կապի եւ տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու նախարարութիւնը, կը հաղորդէ «Մեդիամաքս»-ը:

Նամականիշին թողարկումը եւ մարումը տեղի պիտի ունենայ 2017-ին՝ «Աւրորա» մրցանակի ձեռնարկներու ծիրէն ներս:

Նամականիշին հետ միասին «Հայփոստ»-ը պիտի թողարկէ 150 ՀՀ դրամ արժողութեամբ նուիրատուութեան կտրօններ, որոնց վաճառքէն գոյացած հասոյթը պիտի ուղղուի  «Աւրորա» մարդասիրական նախաձեռնութեան միջոցով իրականացուող նախագիծերուն:

«Մենք հիմնադրած ենք «Աւրորա» նախաձեռնութիւնը` ի երախտագիտութիւն յատկապէս անոնց, որոնք վտանգի կ՛ենթարկէին իրենք-զիրենք`  փրկելու Հայոց ցեղասպանութիւնը վերապրածները: Եւ մենք  կ՛ուզենք երախտագիտութիւն արտայայտել` շարունակելով բարին գործել, աջակցելով մերօրեայ հերոսներուն, որպէսզի անոնք նոյնպէս կարենան յուսադրել եւ ձեռք մեկնել մարդասիրական օգնութեան խիստ կարիք ունեցողներուն: Այսպիսով, մենք կ՛ըսենք, որ այդ վերապրողները այսօրուան փրկողներն են: Սա ոչ միայն կարեւոր կը դարձնէ յիշողութիւնը, այլեւ երախտագիտութիւնը գործի կը վերածէ: «Աւրորա»-ի իւրաքանչիւր նախագիծ` ներառեալ Մէգիի նամականիշը եւ նուիրատուութեան կտրօնը, հնարաւորութիւն կու տան ընդլայնելու «Աւրորա»-ի համայնքը` երախտագիտութիւն յայտնելով եւ շարունակելով նուիրատուութեան շղթան», – ըսած է «Աւրորա» մարդասիրական նախաձեռնութեան համահիմնադիր Ռուբէն Վարդանեան։

Մարգարիտ Պարանկիցէն, որ Maison Shalom խնամքի տան եւ REMA հիւանդանոցի հիմնադիրն է, «Աւրորա» մրցանակի արժանացած է այն բացառիկ ազդեցութեան համար, որ ունեցած է Պուրունտիի մէջ քաղաքացիական պատերազմի տարիներուն: Ան փրկած է 30 հազար երեխայ` անոնց տալով օթեւան եւ խնամք:

«Ինծի համար մեծ պատիւ է այսպիսի ճանաչման արժանանալը, բայց նաեւ ոգեւորիչ է գիտակցիլ, որ սէրը միշտ պիտի յաղթէ ատելութեան եւ չարիքին: Ես կը հաւատամ, որ այս նամականիշը պիտի նպաստէ «Աւրորա» մրցանակի առաքելութեան տարածման` ճանչման արժանացնելով այն կիներն ու տղամարդիկ, որոնք բացառիկ ազդեցութիւն ունեցած են մարդասիրական խնդիրներու լուծման համար», – ըսած է Մարգարիտ Պարանկիցէն:

Նամականիշը ունի 350 ՀՀ դրամ անուանական արժէք: Նամականիշին ձեւաւորողը  Ալլա Մինգալեօւան է` «Աւրորա»  նախաձեռնութենէն: Նամականիշը պիտի թողարկուի 40 հազար օրինակով:

Նամականիշին մարման արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ 2017-ի Մայիսին` Մարգարիտ Պարանկիցէի ներկայութեամբ, որ Երեւան պիտի ժամանէ` մասնակցելու 2017-ի «Աւրորա» մրցանակի  ձեռնարկներուն:

«Աւրորա» մրցանակի յաւակնորդներուն անունները պիտի յայտարարուին Ապրիլ 24-ին` Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներու յիշատակի օրը: Յաւակնորդներէն մէկը Մայիս 28-ին Երեւանի մէջ պիտի ճանչցուի 2017-ի «Աւրորա» մրցանակի դափնեկիր: Ապրիլ 24-էն Մայիս 28 «Աւրորա» մարդասիրական նախաձեռնութիւնը աշխարհով մէկ պիտի  կազմակերպէ շարք մը ձեռնարկներ` ներկայացնելով մրցանակի 2017 թուականի յաւակնորդները ոգեշնչող պատմութիւնները, ինչպէս նաեւ մարդասիրական գործունէութիւնը աշխարհի մէջ:








All the contents on this site are copyrighted ©.