2017-04-07 10:31:00

«Աստուածամայրը հայկական պատկերաքանդակներուն մէջ» ցուցահանդէս


Հայաստանի պատմութեան թանգարանին մէջ այսօր կը բացուի «Աստուածամայրը հայկական պատկերաքանդակներում» լուսանկարչական ժամանակաւոր ցուցահանդէսը, որ կը ներկայացնէ Աստուածամօր պաշտամունքի պատմականօրէն ձեւաւորուած արտացոլումները վաղ քրիստոնէական շրջանէն մինչեւ 18-րդ դար:

Ըստ Panorama.am-ին՝ թանգարանէն կը  տեղեկացնեն, որ ցուցահանդէսին ներկայացուած են` «Աստուածամայրը մանկան հետ» պատկերաքանդակներու դրուագներ վաղ միջնադարեան քառանիստ կոթողներէն, խաչքարերէ, եկեղեցիներէ,  «Օդիգիտրիա»-ի պատկերագրութեան դրուագներ (Դուին V- VI դարեր, Օձունի Սբ. Աստուածածին եկեղեցի VI – VII դարեր), «Դեիսուս»-ի /«Բարեխօսութեան»/ դասական պատկերաքանդակի դրուագներ (Կեչառիսի վանք 1280-ական թթ., Վայոց ձորի Սպիտակաւոր Սբ. Աստուածածին եկեղեցու եռաքանդակ XIII դար),  քառանիստ կոթողի սիւն, IV – V դարեր, Կարմրաքար, Շիրակ: Լուսանկարներուն հեղինակներն են Հրայր Բազէ Խաչերեան, Վռամ Յակոբեան:








All the contents on this site are copyrighted ©.