2017-04-06 10:09:00

Ֆրանչիսկոս Պապ. Մարթին Լութեր Քինկի նման ընտրենք ''ոչ բռնութիւնը''։


(Ռատիօ Վատիկան) ''Խաղաղութեան ճանապարհի վրայ քալելը դիւրին ընթացք մը չէ սակայն միակ իսկական պատասխանն է բռնութեան'' այս է յորդորը զոր պարունակուած է Ֆրանչիսկոս Պապին Շիքակոյի Արքեպիսկոպոս, կարդինալ Պլազ Ժոզէֆ Քուփիքին ուղղած նամակին մէջ ''բռնութեան դէմ'' կազմակերպուած արշաւի առթիւ` որ կը զուգադիպի Մարթին Լութեր Քինկի մահուան 49-րդ տարեդարձին։

Նամակին մէջ Քահանայապետը կը մէջբերէ Մարթին Լութեր Քինկի խօսքերը որով ան կը նշէ թէ մարդկութիւնը կանչուած է բոլոր հակամարտութիւններուն համար զարգացնել գործելակերպ մը` որ մերժէ վրէժխնդրութիւնը, կատաղութիւնն ու հաշուեյարդարը։ Այդ գործելակերպի հիմն է սէրը''։ Ասոնք մարգարէական բառեր են, կը գրէ Քահանայապետը նամակին մէջ, որոնք ուղղուած են բոլորին ու յատկապէս երիտասարդներուն, գիտակից դառնալու թէ ''ոչ բռնութեան մշակոյթ մը անիրականանալի երազ մը չէ, այլ ուղեւորութիւն մըն է` որ արդեն տուած է կարեւոր արդիւնքներ''։

''Արդարեւ Ոչ բռնութեան կիրակումը տապալեց պատնէշներ, խնամեց վէրքեր, բուժեց ազգեր, ու կարող է նաեւ բուժել Շիքակոն'' կը գրէ Սրբազան Քահանայապետը նամակին մէջ հրաւիրելով բոլորը յուսահատութեան չի մատնուելու ու խաղաղութեան կառուցողներուն հետ միասնաբար համագործակցելու` ապագայի սերունդներուն ցոյց տալով սիրոյ իսկական զօրութիւնը''։

Նամակի աւարտին Ֆրանչիսկոս Պապ անգամ մը եւս կը դատապարտէ բացառումի երեւոյթը ու կը շեշտէ ներառումի կարեւորութիւնը` որ կարիքը ունի` ''սրտի ու մտքի յանձնառումի, զոր պէտք է սկսի ընտանիքներէն ու դպրոցներէն''։

Նորին Սրբութիւնը նամակը կ՛եզրափակէ իր հոգեւոր մօտիկութիւնն ու աղօթքները ապահովելով բոլորին, յատկապէս Աւագ Ուրբաթ օրը, երբ Հռոմի մէջ պիտի գլխաւորէ Ճանապարհ Խաչի արարողութիւնը. ''պահ մը որուն ընթացքին, պիտի յիշեմ բոլոր բռնութիւններու թիրախ անձերը'' կը գրէ Քահանայապետը։  








All the contents on this site are copyrighted ©.