2017-04-05 13:22:00

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Մեծն Պրիթանիոյ իսլամ կրօնապետերու պատուիրակութիւն մը


(Ռատիօ Վատիկան) Չորեքշաբթի, 5 ապրիլ 2017-ին,  ֆրանչիսկոս Պապ,  հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութիւնէն առաջ,  Վատիկանի Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ,  ընդունեց Մեծն Պրիթանիոյ իսլամ  կրօնապետերու պատուիրակութիւն մը՝ բաղկացած 10 անդամներէ։

Սրբազան Հայրը մեծ գոհունակութեամբ ողջունելէ ետք ներկաները, անոնց ըսաւ­,  որ Ինք շատ կը հաճի մտածել,  այն ամէնէն կարեւոր աշխատանքին մասին,  զոր՝   այսօր իրենց միջեւ պիտի կատարեն , իրար զիրար ունկնդրելու աշխատանքը։  Անսալ առանց աճապարանօք ՝  պատասխանի։  Ընկալել եղբօր, քրոջ խօսքը, ըսաւ  Ֆրանչիսկոս Պապ շեշտը դնելով  անսալու կարողութեան կարեւորութեան վրայ։

Սրբազան Հայրը յոյժ հետաքրքրական երեւոյթ նկատեց այն իրողութիւնը, , որ անսալու կարողութիւն ունեցող անձինք,  հանդարտ եւ  ցած ձայնով կը խօսին,   մինչ՝ անսալու կարողութիւն չունեցողները, բարձր ձայնով ու գոռալով կը խօսին։

՝՝Եղբայրներու միջեւ,  հարկ է երկխօսութիւն,  հանդարտ ու համերաշխ խօսակցութիւնը, միասնաբար  որոնելու համար ուղին՝՝ ըսաւ Նորին Սրբութիւնը ընդգծելով թէ երբ ունկնդրութիւն կայ ուրեմն շիտակ ճանապարհի վրայ ենք։

Խօսքին աւարտին ֆրանչիսկոս Պապ շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն իրենց ձեռնարկած ուղեւորութեան համար եւ Ամենակալ ու Ողորմած Աստուծմէ խնդրեց­ որ օրհնէ ներկաները խնդրելով անոնցմէ որ աղօթեն իրեն համար։

 

 








All the contents on this site are copyrighted ©.