2017-04-05 11:43:00

Ալֆորվիլի Հայ Աւետարանական եկեղեցին ոճրային հրդեհի մը թիրախ


Կիրակի, 2 ապրիլի առաւօտեան ժամը 6:00-ին անծանօթներ բռնկած աղբաման մը զետեղած են Ալֆորվիլի Մանուշեանի խումբի փողոցին վրայ գտնուող Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ դրան առջեւ, այս պատճառով քիչ ժամանակ անց կրակ առած է նաեւ եկեղեցւոյ դուռը, կը հաղորդէ Ֆրանսայի «Նոր Յառաջ» թերթը: Բոցերը սկսած են պատել եկեղեցւոյ շէնքին ճակատը, մինչ վերի յարկը կը քնանային պատուելի Ժիլպեր Լեւոնեան եւ իր կողակիցը: Հրշէջներու արագ միջամտութեան շնորհիւ կարելի եղած է բաւական արագ մարել հրդեհը եւ այդպիսով առաջքը առնուած է շատ աւելի ծանրակշիռ հետեւանքներու:

Ասիկա մէկ շաբթուան մէջ վանտալական երկրորդ արարքն է ուղղուած նոյն եկեղեցւոյ դէմ: Նախորդ կիրակի, 26 մարտի կէս գիշերուան մօտ ալ անծանօթներ եկեղեցւոյ ապակիները կոտրած էին եւ խանգարած եկեղեցւոյ խօսակցական կապով զանգակի համակարգը (ինթըրֆոն):

Հակառակ հրդեհին` կիրակնօրեայ պաշտամունքը տեղի ունեցած է կիրակի առաւօտեան ժամը 10:00-ին. երբ հաւատացեալները պաշտամունքի համար փութացած են եկեղեցի, խոր ցնցում ապրած են` տեսնելով հրկիզուած դուռը եւ շէնքին սեւցած ճակատը: Սակայն, հակառակ հրդեհին, կատարուած է կրօնական արարողութիւնը: Պատուելի Լեւոնեան ըսած է. «Խորապէս ցնցուած եմ ի տես Ֆրանսայի մէջ այսօր եկեղեցւոյ մը դէմ ուղղուած վանտալական նման արարքներու: Մտահոգ եմ ապագայով®»: Ան աւելցուցած է. «Եկեղեցւոյ անդամները ամբողջապէս կը պահպանեն իրենց հաւատքը, սակայն ցնցուած ենք: Շնորհակալութիւն յայտնեցինք Աստուծոյ, որ պաշտպանեց մեզ: Իրմէ խնդրեցինք մեզի օգնել, որպէսզի աներեր մնայ մեր քրիստոնէական հաւատքը եւ չվախնանք»:

Ալֆորվիլի Հայ աւետարանական եկեղեցին 50 տարիէ ի վեր գոյութիւն ունի քաղաքին մէջ: 26 մարտի եւ 2 ապրիլի դէպքերէն առաջ երբեք որեւէ վանտալական արարքի թիրախ չէր դարձած քաղաքի հայ աւետարանական համայնքը:








All the contents on this site are copyrighted ©.