Տասը զոհ եւ 37 վիրաւոր արձանագրուեցաւ, երբ Ս. Փեթերսպուրկի մէջ փապուղիի երկու կայարաններու միջեւ տարածքի մը մէջ պայթում մը տեղի ունեցաւ:
Ռուսիոյ Ահաբեկչութեան դէմ պայքարի ազգային յանձնախումբը հետագային յայտնեց, որ վնասազերծած է մօտակայ կայարանի մը մէջ գտնուող այլ ական մը:
Ռուսիոյ վարչապետ Տմիթրի Մետվետեւ Դիմատետրի վրայ գրեց, որ պայթումը «ահաբեկչական յարձակում» մըն է:
Նախագահ Վլատիմիր Փութին յայտնեց, որ բոլոր դրդապատճառները, ներառեալ ահաբեկչութիւնը կը հետաքննուին: Անոր բանբերը յայտնեց, որ պայթումին ընթացքին Փութին կը գտնուէր Ս. Փեթերսպուրկ:
All the contents on this site are copyrighted ©. |